Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. «Մեր Առաջնահերթութիւնն Է Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Ընտրել» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

October 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, գլխաւորելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, երէկ առաւօտեան այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պասիլ Ռայի պատրիարքին յանձնեց նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնները բովանդակող փաստաթուղթը:

Պասիլ յայտնեց, որ այդ առաջնահերթութիւններուն հիման վրայ իրենք հանդիպումներ պիտի ունենան երեսփոխանական մնացեալ պլոքներուն հետ` անոնց ներկայացնելու համար, թէ նախագահական յաջորդ նստաշրջանէն եւ հանրապետութեան յաջորդ նախագահէն ինչ կ՛ակնկալեն:

Ան նշեց, որ այս ձեւով կարելի կը դառնայ համախոհութեան գոյացումը:

«Կարելի չէ ըսել, որ կը մերժենք նախագահական աթոռի թափուր մնալը, միաժամանակ կը մերժենք ոեւէ մէկուն հետ հանդիպումը: Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին մեր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ անիկա երկիրը յաւելեալ տագնապներէ կը փրկէ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չբերէ 13 հոկտեմբերի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին, որովհետեւ անիկա կը զուգադիպի 13 հոկտեմբերի յիշատակին:

«13 հոկտեմբերին գումարուելիք նախագահական ընտրութեան նիստը նախատինք կը նկատենք», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ օրինաթիւ գոյանայ, անիկա վճռորոշ նիստ մը պիտի չըլլայ:

Պասիլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով ցարդ լրջութիւն եւ լուրջ թեկնածուներ չկան` նկատել տալով, որ այս երեւոյթը վտանգաւոր է, որովհետեւ երկիրը նախագահական աթոռի թափուր մնալը չի կրնար հանդուրժել:

«Նախագահութեան եւ կառավարական դատարկութիւնը պիտի առաջնորդէ քաոսային վիճակի եւ աղէտներու, հետեւաբար հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պէտք է նոր կառավարութիւն մը կազմեն, որովհետեւ կառավարութեան գոյութիւնը երաշխիք մըն է երկրին ապահովութեան` նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն բարգաւաճեցնելու երկրին վարչակարգը եւ գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը` հիմնական երկու բաժանմունքներով. քաղաքացիական պետութեան ստեղծում եւ քաղաքական համայնքային դրութեան վերացում` անոր փոխարէն ստեղծելով ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութիւն եւ հիմնելով Ծերակոյտ:

Անդրադառնալով դրամատուներուն մէջ քաղաքացիներուն հաշիւներուն` Պասիլ յայտնեց, որ անոնք գոյութիւն չունին այլեւս` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը կարեւոր է եւ նախաքայլ` Լիբանանը փրկելու միջազգային իր ներկայ կարգավիճակէն, ինչպէս նաեւ «մուտքի տոմս» է` հասնելու դէպի այլ սնտուկներ:

Պետական ամավարկերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ նշեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը դրուին վատին եւ վատագոյնին միջեւ ընտրելու կացութեան դիմաց: «Ճիշդ է, որ պետական ամավարկերը հեռու են բարեկարգումներէ, սակայն արդեօք աւելի լա՞ւ է առանց պետական ամավարկի մնալ», հարց տուաւ ան:

Խօսելով դատական իշխանութիւններուն մասին` Պասիլ յայտնեց, որ անոնք փաստած են իրենց ձախողութիւնը` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ քաղաքական իշխանութիւնը հրամանագիրով կը կատարէ դատական իշխանութեան նշանակումները, ասիկա կը նշանակէ, թէ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին կը միջամտէ քաղաքականութիւնը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միասնականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին վրայ կասկած չկայ` աւելցնելով, որ 31 հոկտեմբերը պիտի ըլլայ այդ միասնականութիւնը վերահաստատելու նոր առիթ մը, ինչպէս նաեւ իր ծրագիրին գործադրութիւնը այլ վայրէ մը շարունակելու առիթ մը:

Ան նշեց, որ 31 հոկտեմբերին Ռապիէի մէջ պիտի տօնեն զօր. Աունի վերադարձը:

 

 

Նախորդը

Ժահժահ Պու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Վերջնական Համաձայնութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.