Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Ընտանիքը Իր Շնորհաւորութիւնները Կը Փոխանցէ Լիբանանին` Ծովային Սահմանագծումը Որակելով Պատմական Նուաճում

Հոկտեմբեր 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան իր նիստը, որմէ պիտի բացակային Հզօր Լիբանան համախմբումը եւ հաւանաբար այլ պլոքներու երեսփոխաններ, պաշտօնական Լիբանանը կը շարունակէ շնորհաւորութիւններ ստանալ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներէ` հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ համաձայնութեան յանգելու առիթով:

Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Տեսողական մարզի արհեստներու սենտիքային հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց ծովային սահմանագծումի իմաստով կայացած համաձայնութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ Լիբանան պիտի կարենայ նաւթ եւ կազ արտահանել, «իրականութիւն մը, որ առիթ պիտի տայ Լիբանանը դուրս բերելու այն անդունդէն, ուր ան գլորած է ներկայիս», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան կարիք ունի վաւերացնելու հանրութեան դրամը իւրացուցած պատասխանատուները հաշուի կանչելու գործիքակազմ մը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումը լիբանանցի ժողովուրդին տրամադրուած նուէր է` անոր տարբեր սերունդներով եւ խմբաւորումներով:

Ան հաստատեց նաեւ, որ յառաջիկայ շաբթուան աւարտին պիտի սկսի նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրին գործադրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը եւս շատ կարեւոր հարց մը կը նկատուի իրեն համար:

Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որ հանդիպումէն ետք բոլոր լիբանանցիները շնորհաւորեց սահմանագծումի բանակցութիւններուն արձանագրած նուաճումին առիթով:

Ան հաստատեց, որ նուաճումը միայն սահմանագծումի համաձայնութիւնը չէ, այլ` իր բնական նաւթահորերը հորատելու եւ ապա կազ ու նաւթ արտահանելու Լիբանանի իրաւունքի երաշխաւորումը:

Ֆայեատ յայտնեց, որ նախարարութիւնը աւելի ուշ այդ աշխատանքները պիտի հետապնդէ «Թոթալ» ընկերութեան եւ միջազգային այլ ընկերութիւններու հետ գործակցաբար:

Իրանեան նաւթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք իրանեան նաւթը պիտի ըլլայ նուիրատուութիւն, որուն պարագային պատժամիջոցներ չեն ենթադրուիր: «Այդ իմաստով արդէն իսկ երաշխիքներ ստացած ենք, իսկ համաձայնութեան մշակումը իրանեան կողմը պատրաստելու ընթացքին մէջ է», շեշտեց ան:

Սահմանագծումին յանգած համաձայնութեան անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ յայտնեց, թէ Լիբանան վճռական ժամերու դիմաց կը գտնուի ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով` աւելցնելով, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը պիտի յայտարարուի նախագահ Աունի կողմէ` խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին հետ անոր կատարելիք խորհրդակցութիւններէն ետք:

«Մենք կը սպասենք, որ հանրապետութեան նախագահը յայտարարէ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այն վայրկեանին, երբ Նաքուրայի մէջ կը ստորագրուի ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը, ապա միայն այդ պահուն կրնանք ըսել, որ համաձայնութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը գոյացած է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան կրցաւ այս նուաճումը կատարել իր միասնականութեան շնորհիւ: «Պետութիւն, Դիմադրութիւն, ժողովուրդ, բանակ կողք- կողքի եւ միացեալ կեցուածքով կրցան տէր կանգնիլ իրենց բնական հարստութիւններուն, որոնք ոչ մէկ համայնքի, կողմի կամ շրջանի կը պատկանին, այլ` կը պատկանին Լիբանանին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անօդաչու թռչող սարքերուն կատարած թռիչքներէն ետք, Դիմադրութիւնը կարիքը չզգաց յաւելեալ ռազմափորձերու, որովհետեւ սկիզբէն ի վեր նպատակը մէկ էր` այն, որ թշնամին հասկնայ Դիմադրութեան լրջութիւնը:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ կէսօրին հաղորդեց, որ Իսրայէլի կառավարութեան մաս կազմող աւագ նախարարներ կոչ ուղղած են ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացնելու Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը:

Երէկ երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը ձայներու մեծամասնութեամբ վաւերացուց Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը եւ զայն յղեց Քնեսեթին, որպէսզի իսրայէլացի երեսփոխանները իմանան անոր բովանդակութիւնը` առանց այդ համաձայնութիւնը քուէարկութեան ենթակայ դարձնելու:

Նշենք, որ Իսրայէլի սեղմ կառավարական կազմը` Լափիտի նախագահութեամբ նիստ մը գումարած էր նախապէս եւ սերտելէ ետք համաձայնութիւնը վաւերացուցած էր զայն:

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանին ուղղուեցան մեծ թիւով շնորհաւորութիւններ եւ զօրակցական կեցուածքներ:

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն հսկած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը դիւանագիտական բացառիկ նուաճում մըն է: «Այդ համաձայնութիւնը պէտք է անմիջապէս գործադրուի շրջանին եւ աշխարհին շահերը ապահովելու համար: Այդ համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ շրջանին ապահովական կայունութիւնը, սակայն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացում չի նշանակեր», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ շրջանը յաւելեալ բարգաւաճում պիտի արձանագրէ:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շնորհաւորեց լիբանանցիները` սահմանագծումի համաձայնութիւնը նկատելով պատմական նուաճում մը, որ երկու երկիրներուն համար մեծ շահեր պիտի ապահովէ:

Շիա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի վարած ամիսներ տեւած բանակցութիւնները յանգած են համաձայնութեան: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները համաձայն են տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ ծովային մնայուն սահմանները գծելու», ըսաւ ան:

Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել բերկրանք յայտնեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի գոյացումին առիթով:

Ան շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկացի բանագնաց Հոքշթայնը` անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար: «Ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը Լիբանանին եւ շրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման աւետիս մըն է», շեշտեց ան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան գործադրութիւնը պիտի նպաստէ շրջանին կայունութեան ու բարգաւաճման:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛ողջունեն ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատեն այս իմաստով ի գործ դրուած ամերիկեան ջանքերը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը մաղթեն, որ այս քայլը ամրապնդէ շրջանի կայունութիւնը:

«Համաձայնութեան գործադրութիւնը դրական եւ գործնական քայլ մըն է շրջանին բարգաւաճումը ապահովելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն համար տնտեսական շահեր ապահովելու: Կը շեշտենք նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ամրապնդելու համար տնտեսական շահերն ու շրջանային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ողջունեց սահմանագծումի համաձայնութիւնը` հաստատելով Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ իր ամբողջական զօրակցութիւնը:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Պըրրիի, Ընդունեց Դեսպաններ Եւ Նախագահեց Տարբեր Նիստերու

Յաջորդը

Պայրամով. «Պաքուն Երեւանին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ընդլայնուած Տարրերը»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?