Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց սահմանագծումի համաձայնութիւնը ուսումնասիրող եւ բանակցութիւններուն հետեւող լիբանանեան յատուկ մարմինին, ինչպէս նաեւ ամերիկեան վարչակազմին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` աւելցնելով, որ «Թոթալ» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ առաւօտեան գումարուած է ժողով մը եւ համաձայնութիւն գոյացած հորատման աշխատանքներուն սկսելու` վերջնական համաձայնութենէն անմիջապէս ետք:
Միքաթի յայտնեց, որ սահմանագծումի համաձայնութեան վերջնական տարբերակի անգլերէն փաստաթուղթին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` նշելով, որ ներկայիս այդ փաստաթուղթը կը թարգմանուի արաբերէնի:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին խօսք մը արտասանէ` բացատրելու համար համաձայնութեան մանրամասնութիւնները:
«Բոլոր լիբանանցիներուն համար շատ դժուար փուլ մը բոլորեցինք», ըսաւ Միքաթի:
Այնուհետեւ նախագահ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն ընկերակցեցան համախմբումի երեսփոխաններէն Նատա Պուսթանի, Սելիմ Աուն, Ղասսան Աթալլա, Շարպել Մարուն, Սեզար Ապի Խալիլ, Էտկար Թրապուլսի, Ժորժ Աթալլա, Սամեր Թում, Իպրահիմ Քանաան, Ալեն Աուն, Ճիմի Ժապպուր, Նիքոլա Սահնաուի եւ Ֆարիտ Պուսթանի:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ նախագահ Աունին յանձնեց համախմբումին կողմէ պատրաստուած` նախագահական առաջնահերթութիւններուն վերաբերող փաստաթուղթը:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ նախագահ Աուն կը զօրակցի ամէն տեսակ քայլի, որ կրնայ յանգիլ նախագահական ընտրութեան:
Ան նշեց, որ նախագահ Աունի համար նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին պիտի ջանան արագացնել այդ հոլովոյթը:
Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումին` Պասիլ շեշտեց, որ նախագահ Աունի նստաշրջանը սկսաւ նաւթահորերու հորատման հրամանագիրի հրատարակութեամբ եւ պիտի աւարտի ծովային սահմանագծումով: «Իրականութիւն մը, որ Լիբանանը կը զետեղէ իր գերիշխանական եւ իրաւունքներու ուղղութեան վրայ, որուն արժանի են լիբանանցիները», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնք առնուած են երկրին ահաւոր պայմաններուն մէջ ապրող քաղաքացիներուն բեռը թեթեւցնելու համար:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան այն ջանքերը, որոնք որդեգրուեցան` երաշխաւորելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:


