Լիբանանեան

Ֆայեատ Եգիպտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Բնական Կազը Լիբանան  Հասցնելու Կարելիութիւնը

Ֆայեատ Եգիպտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Բնական Կազը Լիբանան Հասցնելու Կարելիութիւնը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Թարեք Մոլլայի հետ, ներկայութեամբ Եգիպտոսի բնական կազի ընկերութեան նախագահ Մաժտի Ժալալի: Հանդիպումին ընթացքին վերահաստատուեցաւ Լիբանանին բնական կազ տրամադրելու Եգիպտոսի յանձնառութիւնը, անմիջապէս երբ աւարտին այն միջոցառումները, որոնք կը վերաբերին եգիպտական կազը լիբանանեան հողեր փոխադրելու: Մոլլա շեշտեց, որ Եգիպտոս միշտ պատրաստ է Լիբանանին տրամադրելու ամէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.400 լ. ոսկի է: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ սահմանադրական գործընթացներուն` արագացնելու համար բարեկարգումներու գործադրութիւնը, որպէսզի միջազգային ընտանիքին դիմաց Լիբանան պարտութիւն մը չարձանագրէ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000...

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ.  Սերտ Շփումներ` Բազմակողմանի  Ուղղութիւններով

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Սերտ Շփումներ` Բազմակողմանի Ուղղութիւններով

Լիբանանի  նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, ճիգերը կը շարունակուին բազմակողմանի ուղղութիւններով եւ զանազան մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխանները հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան նոր նիստի մը, քաղաքական եւ կուսակցական շփումները թափ առին երէկ տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ, ուշագրաւ էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը: Վերջինս երէկ անջատ պատուիրակութիւններ ուղարկեց երկրի «բանալի» կողմերուն մօտ...

Նախագահ Աուն Մաքրոնէն  Ստացաւ Շնորհաւորական  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

Նախագահ Աուն Մաքրոնէն Ստացաւ Շնորհաւորական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն` հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի նուաճումը իրականացնելու առիթով: Մաքրոն շեշտեց, որ սահմանագծումը իրականացնելու ուղին դժուար էր եւ փշոտ, սակայն նախագահ Աունի պնդումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ անիկա իրականացնել: «Ֆրանսա իր համեստ ներդրումը ունեցաւ այդ համաձայնութեան մէջ», ըսաւ Մաքրոն` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին համար աւետիս...

Ամոս Հոքշթայն Մօտիկ  Ապագային Պիտի Այցելէ Լիբանան

«Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումներու Հաւանականութիւնը Կը Նուազի» Շեշտեց Էյմըս Հոքշթայն

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհակալ եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` ծովային սահմանագծումին մէջ անոր ունեցած դրական ներդրումին համար: Հոքշթայն շեշտեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին Ֆրանսայի կառավարութիւնը միշտ օժանդակած է, «բնականաբար Ֆրանսա շահագրգռուած է Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներով, իսկ երբ Լիբանան կը գտնուէի`...

Ժըպրան Պասիլ. «Պիտի Չընդունինք  Հանրապետութեան Նախագահ Մը,  Որ Ժողովրդային Եւ Խորհրդարանական  Ներկայացուցչութիւն Չունի»

Ժըպրան Պասիլ. «Պիտի Չընդունինք Հանրապետութեան Նախագահ Մը, Որ Ժողովրդային Եւ Խորհրդարանական Ներկայացուցչութիւն Չունի»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին, 13 հոկտեմբերի յիշատակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ առանց 13 հոկտեմբեր 1990-ին լիբանանեան բանակի զինուորներուն նահատակութեան, Լիբանան չէր մնար եւ չէր գոյատեւեր: Ան շեշտեց, որ օրին սուրիական հոգատարութեան դիմաց խոնարհող քաղաքական ուժերը քանի մը օր առաջ դարձեալ բացայայտեցին իրենց ինքնութիւնը, երբ ծաղրեցին 13 հոկտեմբերի յիշատակը: Պասիլ հաստատեց, որ...

Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային  Դրամական Ֆոնտի Պատասխանատուներուն Հետ

Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատասխանատուներուն Հետ

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթալինա Կէորկիեւայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ուքրանիոյ տագնապին ունեցած անուղղակի ազդեցութիւնները` միջինարեւելեան եւ հիւսիսափրիկեան երկիրներու տնտեսութիւններուն վրայ: Քննարկուեցան նաեւ ուժանիւթի, ջուրի եւ սննդեղէնի ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներուն գործադրութեան` զանոնք նկատելով ազգային պարտականութիւն` երկրին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.000 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2022-ին ընտրելու իր երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն անդամները: Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն...

Պէյրութի Մէջ.   Քոլոնա Հաստատեց Այս Ամսուան Ընթացքին  Հանրապետութեան Նախագահ  Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Պէյրութի Մէջ. Քոլոնա Հաստատեց Այս Ամսուան Ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա, որ նախանցեալ գիշեր միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն եւ Քոլոնայի ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի կողմէ...

Վարչապետ Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց  Կանայի Հանքի Հորատման Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Կանայի Հանքի Հորատման Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը` ընկերակցութեամբ Նաւթի մարզը տնօրինող խորհուրդի անդամներ Ուիսամ Շպաթի, Ուիսամ Զահապիի, Կապի Տաապուլի եւ Ուալիտ Նասըրի: Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին կատարած իր շնորհաւորական այցելութենէն ետք, Նաւթի մարզը տնօրինող խորհուրդին ընկերակցութեամբ փափաքած է այցելել վարչապետ Միքաթիին` դարձեալ շնորհաւորելու համար Լիբանանի գոյացուցած պատմական համաձայնութեան համար,...

Ծովային Սահմանագծումին Իրականութիւն Դառնալէն Շաբաթներ Ետք Լիբանանեան  Ջուրերուն Մէջ Հորատումը Պիտի Սկսի

Ծովային Սահմանագծումին Իրականութիւն Դառնալէն Շաբաթներ Ետք Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Հորատումը Պիտի Սկսի

Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը մօտիկ ապագային կը դառնայ իրականութիւն: Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ այդ համաձայնութիւնը քննարկելու կարիք չկայ, որովհետեւ սահմանագծումի մասին Միացեալ Նահանգներու պատրաստած համաձայնութիւնը Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն մը չէ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը` զայն նկատելով շրջանին մէջ կայունութիւնն ու լիբանանցի ու իսրայէլացի...

Ուաշինկթընի Մէջ.   Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային  Դրամատան Պատասխանատուներուն Հետ

Ուաշինկթընի Մէջ. Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային Դրամատան Պատասխանատուներուն Հետ

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի շրջաններու փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժի եւ գործադիր տնօրէն Միրզա Հասանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան գործադրելիք ծրագիրները, յատկապէս սննդեղէնի ապահովութեան եւ ընկերային «Աման» ծրագիրին, ցորենի ներածումին, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի արտադրութեան վերաբերող թղթածրարները: Նիստին ընթացքին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.000 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2022-ին հրաւիրեց ընտրելու իր երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն անդամները: Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն յաջորդէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98...

«Լիբանան Համաձայն Է Ծովային Սահմանագծումի  Մասին Ամերիկացի Բանագնացին Ներկայացուցած  Վերջնական Տարբերակին, Որ Կը Պահպանէ Մեր Բոլոր Իրաւունքները»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Համաձայն Է Ծովային Սահմանագծումի Մասին Ամերիկացի Բանագնացին Ներկայացուցած Վերջնական Տարբերակին, Որ Կը Պահպանէ Մեր Բոլոր Իրաւունքները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան յանգելու առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանցիներուն ուղղուած պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանան համաձայնութիւն յայտնած է ծովային սահմանագծումին մասին ամերիկացի բանագնացէն ստացուած համաձայնութեան վերջին տարբերակին: Ան շեշտեց, որ այս անուղղակի համաձայնութիւնը կ՛ընդառաջէ լիբանանեան պահանջներուն եւ կը պահպանէ երկրին բոլոր իրաւունքները: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք...

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի  Երկրորդ Նիստը Կարելի Չեղաւ Գումարել`  Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Երկրորդ Նիստը Կարելի Չեղաւ Գումարել` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Խորհրդարանը երկրորդ անգամ ըլլալով հրաւիրուած էր գումարելու նախագահական ընտրութեան նիստ մը, որ սակայն կարելի չեղաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ճշդուած նիստին համար խորհրդարանի դահլիճին մէջ ներկայ գտնուեցան միայն 71 երեսփոխաններ, մինչդեռ օրինաթիւը կ՛ենթադրէ 86 երեսփոխաններու ներկայութիւն: Այս իրականութեան լոյսին տակ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յաջորդ նիստի թուականը ճշդեց հինգշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2022-ը, դարձեալ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:...

Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձի  Յաջորդ Փուլը Պիտի Ընդգրկէ 1600 Ընտանիք

Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձի Յաջորդ Փուլը Պիտի Ընդգրկէ 1600 Ընտանիք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախատեսումներով սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձի յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթավերջին` ծովային սահմանագծումէն ետք: Նշենք, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի աշխատանքը կանգ առած էր «Քորոնա»-ի համաճարակին ընթացքին: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ պատասխանատու է տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քըսսայֆիի: Հանդիպումին...

Ժըպրան Պասիլ. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ Իր Բոլոր Իրաւունքներուն»

Ժըպրան Պասիլ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Բոլոր Իրաւունքներուն»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ շնորհաւորեց Լիբանանը` ծովային սահմանագծումին իմաստով գոյացած համաձայնութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այդ համաձայնութեան գործադրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց ծիրին մէջ Վրոնեցքա շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի չարգելակէ սահմանագծումի ուղին: Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բոլոր իրաւունքներուն` աւելցնելով,...

Ամին Ժեմայէլ. «Ծովային Սահմանագծումը  Զինադուլի Բ. Համաձայնագիր Է»

Ամին Ժեմայէլ. «Ծովային Սահմանագծումը Զինադուլի Բ. Համաձայնագիր Է»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պէյթ Մուսթաքպալի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ ողջունեց Սէուտական Արաբիան, որ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին` հակառակ լիբանանցի քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու կողմէ անոր հասցէին կատարուող ցեխարձակումներուն: Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումին` Ժեմայէլ շեշտեց, որ անիկա զինադուլի նոր...

Քոլոնա Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Քոլոնա Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Երէկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ: Կը նախատեսուի, որ Քոլոնա հանդիպումներ ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան սահմանադրական ժամկէտը, Քոլոնա վերահաստատում մը պիտի կատարէ, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.800 լ. ոսկի է: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի նշեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի օժանդակելու լիբանանցիներուն` այս մութ փապուղիէն դուրս գալու համար: Մաուլաուի յայտնեց...

Page 309 of 988 1 … 308 309 310 … 988

Արխիւներ