Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.800 լ. ոսկի է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որ հաստատեց, որ Լիբանանի հիմնական ընտրանքը պէտք է ըլլայ դէպի արաբական միջավայր, յատկապէս` Սէուտական Արաբիա իր վերադարձը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար` ընկերակցութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի մէկ ներկայացուցիչին, երէկ հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Իյաքի Էյթոյի հետ: Քննարկուեցան ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարին եւ լիբանանեան պետական նշեալ կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ շրջանին մէջ ապակայունութեան ստեղծումը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ: Ան նշեց, որ կարելի է ըսել, թէ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը, հակառակ անոր որ բնական իր հարստութիւններուն արտահանումը նուազագոյնը երեք տարուան կարիք ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք ցարդ նախագահական ընտրութեան յստակ թեկնածու չունին` աւելցնելով, որ իրենք ո՛չ պատրաստ են երեսփոխան Միշել Մուաուատը ընտրելու եւ ո՛չ ալ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որովհետեւ նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան օրերուն վկայեցին հանրապետութեան զոյգ նախագահներու գործունէութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ թէ՛ կը դիւրացնեն տիրող վիճակը եւ թէ՛ կ՛արգելակեն զայն: Ան հաստատեց, որ ամերիկեան մօտեցումին համաձայն,  դրական մթնոլորտին պէտք է ընկերակցի տնտեսական փլուզումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կը մերժեն ընդունիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` սերտելու համար Հզօր Լիբանան համախմբումին մշակած նախագահական առաջնահերթութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքը յառաջիկայ ժամերուն պիտի ճշդէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը ընդունելու թուականը, որպէսզի կարելի ըլլայ սերտել Հզօր Լիբանան համախմբումին մշակած նախագահական առաջնահերթութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան օդուժի մէկ զօրամասը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հիւսիսային Լիբանանի մէջ ներխուժումներ կատարած է եւ ձերբակալած 11 յանցագործներ, որոնք տարբեր յանցանքներու համար ամբաստանուած են: Բանակը գրաւած է նաեւ զէնք ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ հսկայական գումարներ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Յաջորդը

Ճ. Պուչիքեան Քննարկեց Երկրագործութեան Նախարարութեան Հետ Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?