Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած այս փուլին ընթացքին կարիքը կը զգացուի Մոհամետ մարգարէի արժէքներուն ծննդեան` հետապնդելու համար իրաւունքը, պարտադրելու համար արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար միասնականութիւնն ու ընդգծելու համար ներողամտութեան արժէքները:
Այս առիթով, Պըրրի շնորհաւորագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն: