Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարին Մէջ Գտնուող Թնճուկները Լուծելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

October 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին թնճուկները կը շարունակեն մնալ անքակտելի, նկատի ունենալով Իսրայէլի մերժումը` ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պատրաստած համաձայնագիրին մասին Լիբանանի կատարած դիտողութիւններուն:

Բայց եւ այնպէս ամերիկեան վարչակազմին կողմէ այդ թնճուկները լուծելու ճիգերը կը շարունակուին:

Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իսրայէլեան մերժումին մասին յուշող լրատուական յայտարարութիւններով չի տարուիր, այլ` կը սպասէ Հոքշթայնի հաղորդելիք տեղեկութիւններուն:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կատարած դիտողութիւնները փոքր մատնանշումներ են, որոնք Հոքշթայնի հետ քննարկուած են, նախքան` պաշտօնապէս ու գրաւոր կերպով անոր յղումը: «Հետեւաբար ներկայիս պատահածը իսրայէլեան ներքին ընտրական տարակարծութիւններ են եւ պայքարի եղանակներ, որոնք զիրենք չեն հետաքրքրեր», յայտնեց ան:

Պըրրի ըսաւ, որ Լիբանան Հոքշթայնէն պաշտօնական պատասխանի կը սպասէ, որպէսզի ըստ այնմ որոշում կայացնէ:

Այս շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի, որ  Հոքշթայն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապին յանձնէ համաձայնագիրին մասին Իսրայէլի դիտողութիւնները:

Ամերիկացի պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Լիբանան եւ Իսրայէլ մուտք գործած են ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութեանց վճռորոշ փուլ մը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ որոշ լուծման յանգելու եւ կը հաւատայ, որ մնայուն համաձայնութեան հաստատումը կարելի է:

«Իսրայէլ հայոմ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան իշխանութիւնները կը պատրաստուին մօտիկ ապագային, հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթասկիզբին` Քարիշի հարթակէն կազ մղելու փորձ մը կատարելու:

Նախորդը

«Համախոհական Իսկական Ծրագիր Մը Մշակած Եմ, Իսկ Հըզպալլա Հիմնական Դերակատարութիւն Ունի Լիբանանի Քայքայումին Մէջ» Շեշտեց Միշել Մուաուատ

Յաջորդը

Պըրրի. «Այս Փուլին Ընթացքին Կարիքը Ունինք Մոհամետ Մարգարէի Արժէքներուն Ծննդեան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.