Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Ամերիկեան Ջանքերով Եւ Դրական Մթնոլորտով

Հոկտեմբեր 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Աքքարը հարուածած քոլերայով վարակուած պարագաները հետզհետէ կը բազմանան, Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ ապահովական առումով հիմնական տեղ կը գրաւէ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, որ կախեալ է ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի յղելիք պատասխանէն:

Այդ պատասխանին մասին երէկ արձանագրուեցան տարբեր վարկածներ, որոնցմէ առաջինը կը հաստատէր, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստացած է Հոքշթայնի առաջարկը, եւ Լիբանան կ՛ուղղուի իր սկզբնական համաձայնութիւնը յայտնելու ամերիկեան այդ առաջարկին:

Այս շրջագիծին մէջ քաթարեան «Արապի» կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ համաձայնագիրի ստորագրութեան նախապատրաստութիւնները կը կատարուին հարաւային Լիբանանի մէջ:

Նոյն կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2022-ին, Ռաս Նաքուրայի մէջ տեղի ունենայ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:

Իսկ երկրորդ վարկածը այն է, որ հակառակ տիրող լաւատեսութեան, Լիբանան տակաւին չէ ստանձնած Հոքշթայնի յղած համաձայնագիրի վերջնական տարբերակը:

Այս շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան «Ուալա» կայքը, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարէ մը քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը հաղորդէ, որ Հոքշթայն թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ իսրայէլեան կողմերուն յղած է ծովային սահմանագծումի վերջնական տարբերակը` աւելցնելով, որ սահմանագծումին հասնիլը մօտալուտ է:

«Ուալա» կայքին համաձայն, ամերիկեան կողմը հաստատած է, որ Հոքշթայնի յղած այս տարբերակը վերջնականն է, որուն մասին Միացեալ Նահանգներ կը սպասեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատասխանին: «Ամերիկեան կողմը հաստատած է, որ այս տարբերակը վերջինն է, եւ այլ բանակցութիւններ պիտի չկատարուին», կը նշէ «Ուալա»:

Նշենք նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով, երէկ երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան չի մտածեր հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերին հրաւիրած նախագահական ընտրութեան լիագումար նիստին թուականը փոփոխութեան ենթարկել:

Այլ գետնի վրայ, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհէյլ Ապպուտ երէկ պաշտօնապէս յայտնեց, որ ինք պիտի չմասնակցի արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի կողմէ հրաւիրուած Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` յանձնառու մնալով իր երդումին եւ հաւատալով Գերագոյն ատեանի անկախութեան, ու առիթ չտալով, որ այդ անկախութիւնը ոտնահարուի:

Ապպուտ ընդգծեց, որ ինք համոզուած է, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն մաս կը կազմեն անկախ եւ անաչառ դատաւորներ, որոնք նախանձախնդիր են իրենց երդումին: «Անոնց վստահուած է դատական իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան վերահաստատումը, ինչպէս նաեւ օրէնքի եւ արդարութեան պետութիւն մը հիմնելու իսկական ներդրումը», շեշտեց Ապպուտ:

Երեկոյեան Խուրի պատասխանեց Ապպուտին` հաստատելով, որ իր լիազօրութիւններուն մաս կը կազմէ Գերագոյն ատեանը հրաւիրել ժողովի` աւելցնելով, որ ինք դատական իշխանութեան աշխատանքին եւ որոշումներուն միջամուխ չ՛ըլլար:

Խուրի յայտնեց, որ այդ մասին Ապպուտի յայտարարութիւնը մերժելի է:

Պէտք է նշել, որ Դրամատուներու միութիւնը երէկ յայտարարեց, որ դրամատուները պիտի շարունակեն իրենց որդեգրած կազմակերպական եւ ապահովական նոյն քայլերը, այլ խօսքով` անոնք ներկայիս պիտի բաւարարուին անհատներու եւ յաճախորդներու ծառայութեան տակ դնելով ելեկտրոնային դրամարկղը:

Դրամատուներու միութիւնը շեշտեց, որ իւրաքանչիւր դրամատուն իր որդեգրած կազմակերպական միջոցառումներուն համաձայն պիտի շարունակէ գործել:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 10 հոկտեմբեր 2022-ին լիբանանեան բանակի զօրախումբ մը` օժանդակութեամբ լիբանանեան օդուժին, Պրիթելի մէջ ներխուժեց արդարութեան կողմէ պահանջուած կարգ մը յանցագործներու բնակարանները:

Այս գործողութեան ընթացքին արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնց ընթացքին սպաննուեցաւ լիբանանցի քաղաքացի Մ. Թ., մինչ ձերբակալուեցան չորս այլ յանցագործներ, որոնք ամբաստանուած են թմրեցուցիչ պատրաստելու ու վաճառելու եւ  ինքնաշարժներ գողնալու յանցանքներով:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակը բացայայտած է նաեւ Քեփթակոն թմրեցուցիչ-դեղահատերու պատրաստութեան գործարան մը, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչ պատրաստելու սարքեր, զէնք, զինամթերք եւ գողցուած ինքնաշարժներ:

Բանակը իր գրաւած իրերն ու սարքերը յանձնեց համապատասխան մարմիններուն, իսկ ձերբակալեալներուն հարցաքննութիւնը սկսաւ համապատասխան դատական ատեանին կողմէ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Յաջորդը

«Կապանի Մէջ Իրանի Հիւպատոսարանը Պիտի Օգնէ Ամրապնդելու Հայ-Իրանեան Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?