Դատական Իշխանութիւններուն Պառակտումը Հետզհետէ Ինքզինք Կը Դրսեւորէ
Մինչ լիբանանցիները կը սպասեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի թղթածրարին շուրջ խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն` նկատի ունենալով ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հետ անոր տարակարծութիւնը, դատական իշխանութիւններուն պառակտումը հետզհետէ ինքզինք կը դրսեւորէ: Այս շրջագիծին մէջ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը կարողութիւն չունի համախոհութեամբ քննարկելու այս հարցը, որովհետեւ անոր մէջ յառաջացած է դատական-քաղաքական երկփեղկում` նկատի ունենալով, որ ոմանք կը զօրակցին Օուէյտաթի, իսկ...




















