«Ֆարահ» Ցուրտի Ալիքը Իր Ուժգնութեան Գագաթնակէտին Կը Հասնի Կիրակի
Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանան հասած «Ֆարահ» ցուրտի ալիքը պիտի սաստկանայ այսօր եւ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի կիրակի: Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, առատ անձրեւներ պիտի տեղան, իսկ ծովու մակերեսէն 1200 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Նշենք, որ շաբաթավերջին առատ անձրեւներ պիտի տեղան, իսկ ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ երկուշաբթի, 6 փետրուարին:...

















