Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրլանտայի փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Մարթըն այցելեց Լիբանան:

Մարթըն ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի Թիրի շրջանը, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական ջոկատին զօրանոցը, ինչպէս նաեւ այցելեց Թըպնին, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց իրլանտացի սպաննուած զինուորներուն նուիրուած յուշարձանին:

Մարթըն հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Աքիպիէի զինեալ միջադէպը, որուն պատճառով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտացի զինուոր մը սպաննուեցաւ:

Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցան Լիբանանի կառավարութեան եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումներն ու բացուած հետաքննութիւնը` բացայայտելու համար միջադէպին ծալքերը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ յանցագործները պատժելու կարեւորութիւնը:

Ապա քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, քաղաքական ու ելեւմտական տագնապները եւ անոնց ունեցած հետեւանքները լիբանանեան պետութեան ու Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն վրայ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, Լիբանանի վրայ անոր ունեցած ժխտական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ այդ հարցին նկատմամբ կեցուածքի փոփոխութեան կարեւորութեան:

Այս առումով Մարթըն խոստացաւ եւրոպացի իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկել տեղահանուածներու թղթածրարին մասին եւրոպական քաղաքականութիւնը փոխելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութիւնը տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-իրլանտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները:

Մարթըն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական ջոկատի դերակատարութիւնն ու անցեալ ամսուան ընթացքին իրլանտացի զինուորի մը սպանութեան դէպքը:

Սլիմ բարձր գնահատեց ընդհանրապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ յատկապէս` իրլանտական ջոկատի դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Մարթըն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ Աքիպիէի միջադէպին նկատմամբ ցուցաբերուած լուրջ մօտեցումին եւ հետաքննութեան սկսելու նախաձեռնութեան` դէպքին կապուած ճշմարտութիւնը բացայայտելու, յանցագործները պատժելու եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ համերաշխութիւնը պահպանելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Օուէյտաթ. «Փողոցին Մէջ Արիւնահեղութիւնը Զսպեցի»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Լիբանանեան

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարտ 30, 2023
«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները
Լիբանանեան

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Ճշդելու Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններու Հարցը

Մարտ 30, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան Մուրթատայի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Մուրթատայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In