Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ առաւօտեան քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Նապաայէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Նապաայի Ֆարհաթ մզկիթի իմամ շէյխ Զէյտ Ֆարհաթի եւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահի օգնական Ալի Հաժի:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Նապաայի հեղինակութիւններու եւ բնակիչներու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներ:
Նապաայէն եկած պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ շէյխ Ֆարհաթ, որ բարձր գնահատեց քաղաքապետին ջանքերը` շրջանին եւ անոր բնակչութեան ծառայելու:
Շէյխ Ֆարհաթ անդրադարձաւ Նապաայի բնակիչներէն կազմուած յանձնախումբին, որ պիտի հետեւի շրջանի ընդհանուր մաքրութեան, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան վերջերս այդ յանձնախումբին կողմէ գործադրուած մաքրութեան արշաւին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Շէյխ Ֆարհաթ եւ յանձնախումբի ներկայացուցիչը արծարծեցին շարք մը հարցեր, որոնց քննարկումը անհրաժեշտ է:
Իր կարգին, քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան ողջունեց պատուիրակութիւնը` գնահատելով միշտ գործակցելու եւ խորհրդակցելու պատրաստակամութիւնը:
Մ. Պօղոսեան ներկայացուց քաղաքապետական խորհուրդի պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր մեկնարկուած նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները` հասնելով մինչեւ մերօրեայ փուլը, որուն ընթացքին քաղաքապետական ելեւմտական, գումակային եւ մարդուժի պաշարները նուազած են` իրերայաջորդ տագնապներուն պատճառով:
«Հակառակ այս իրավիճակին, քաղաքապետարանը պէտք եղած ֆինանսաւորումը կ՛ապահովէ կարգ մը միութիւններու հետ գործակցաբար եւ կը միտի փողոցները կուպրապատելու, մայթերն ու լուսաւորումի ցանցը նորոգելու, ելեկտրական թելերը կարգաւորելու, կոյուղիներու եւ անձրեւու ջուրին յատուկ անցքերը նորոգելու, ինչպէս նաեւ աղբահանումի ընդարձակ արշաւի մը ձեռնարկել», շեշտեց Մ. Պօղոսեան:
Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին` անոր գործադրած ջանքերուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շրջանը բարգաւաճեցնելու ու անոր կարիքները կարելի եղածին չափ հոգալու քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնելու:
Հանդիպումի աւարտին հաստատուեցաւ, որ երկկողմանի խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին: