Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկեան վարչակարգի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու, Ծերակոյտի անդամներու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատասխանատուներուն հետ:
Պու Սաապ ներկայ պիտի գտնուի նաեւ կարգ մը միացեալ ժողովներու` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Նաամաթ Աֆրամի, Եասին Եասինի եւ Մարք Տաուի:
Կը նախատեսուի, որ Պու Սաապ հանդիպում մը ունենայ նաեւ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները յաջողցուցած ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի հետ: