Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրաքի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան գործակատար Ամին Ապտալլա Նասրաուիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական մարզին վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի: Քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւններն ու բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ:


