Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 31, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 58.000 լ. ոսկի է:

Ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.048.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.073.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.095.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 667.000 լ. ոսկի:

ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ եւ Նապաայի շրջանին միջեւ կիրակի ուշ գիշերին արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնց պատճառով կացութիւնը լարուեցաւ, իսկ բանակը փութաց դէպքին վայրը` հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կրթութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան` ելեկտրականութիւնը: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է 2023-2024 կրթական տարեշրջանի վերացման:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Մըլհեմ Խալաֆ եւ Նաժաթ Սալիպա յայտնեցին, որ «անհրաժեշտ» օրինագիծեր վաւերացնելու իմաստով խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստը սահմանադրութեան բացայայտ խախտում է, որուն պիտի ընդդիմանան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու հորատումի համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին իր ուշադրութիւնը գրաւած է այն նշումը, թէ թիւ 4 նաւթահորը կրնայ խոստմնալից չըլլալ: «Ինչո՞ւ այլ նաւթահորեր պեղելու ուղղութեամբ չենք աշխատիր», հարց տուաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս ընդգծեց, որ արդարութիւնը այսօր բաժնուած է տարբեր մասերու` աւելցնելով, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը կը բաղկանայ համայնքային կղզիներէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան կողմեր, որոնք կը փափաքին 2005-ի նմանող մթնոլորտ մը ստեղծել: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ նախագահական ընտրութիւնը կապել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կան սահմանադրական, քաղաքական եւ թեքնիք խոչընդոտներ, որոնք կը դանդաղեցնեն Միջազգային դրամական ֆոնտի նախապայմաններուն գործադրութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա խորհրդարանին ընդմէջէն արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիին հարցուց այն արգելափակեալներուն մասին, որոնք տարիներէ ի վեր առանց դատավարութեան բանտարկուած են:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ երկխօսութիւնը Լիբանանի փրկութեան միակ անցքն է` աւելցնելով, որ օտարի նեցուկին վստահիլը` բաժանումի ծրագիրներ իրականացնելու համար, պիտի մնայ երազներու սահմաններուն մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական դասակարգը կը գործադրէ այն, ինչ որ կը պահանջուի իրմէ` քանդելու համար Լիբանանը: «Անոնք այդ հրահանգներուն կ՛ենթարկուին` վախնալով ամերիկեան պատժամիջոցներէն», ըսաւ ան:

ԹԱՐԻՔ Ժտիտէ շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ երէկ առաւօտեան պիւթակազի շիշ մը պայթեցաւ, որուն պատճառով վիրաւորուեցաւ կին մը:

ԱՔԻՊԻԷ շրջանի բնակիչները հրկիզեցին շրջանին մէջ հագուստի վաճառատուն ունեցող քաղաքացիի մը ինքնաշարժը, երբ բացայայտեցին, թէ ան վաճառատան հանդերձարաններուն մէջ զետեղած է տեսախցիկներ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը յայտնեց, թէ չորեքշաբթի, 1 փետրուարի նիստին ընթացքին պիտի յայտարարէ, թէ չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ը Լիբանանի մէջ պիտի ըլլայ ընդհանուր գործադուլի օր:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրամիջոցներու  երթեւեկի տնօրինման յանձնախումբը յայտարարեց, որ Լիբանանի տարածքին գործող իր բոլոր կեդրոններն ու մասնաճիւղերը փակ կը պահէ` պաշտօնեաներուն կողմէ շարունակուող գործադուլին պատճառով:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ գործող դատաւորներու օգնականները մէկ շաբթուան համար` սկսեալ երկուշաբթի, 30 յունուարէն մինչեւ ուրբաթ, 3 փետրուար, գործադուլ յայտարարեցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կրցած է ձերբակալել հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ գտնուող փշաթելը շրջանցած անհատ մը, որ մուտք գործած է Սուրի Տահիրա գիւղաքաղաքը: Ձերբակալեալ քաղաքայինը հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Փենթակոն Կը Հերքէ Իսֆահանի Մէջ Զինուորական Գործարանին Վրայ Կատարուած Յարձակումի Փորձին Միացեալ Նահանգներու Մեղսակցութիւնը

Յաջորդը

Քասեմ Հաշեմ. «Թշնամի Իսրայէլ Չէ Բաւարարուած Պաղեստինը Բռնագրաւելով. Ան Կ՛ուզէ Տիրանալ Նաեւ Լիբանանի Բնական Հարստութեան»

RelatedPosts

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց  Սամեր Քապպարան
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Սամեր Քապպարան

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?