Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ
Լիբանան կը գտնուի ամբողջական քաոսի դիմաց` նկատի ունենալով երկրին տարբեր ոլորտներուն տագնապալի իրավիճակը, լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու քաղաքացիի ապրուստին սպառնացող վտանգները: Քաղաքական, ելեւմտական, տնտեսական ու ընկերային մարզերուն դիմագրաւած տագնապներուն վրայ աւելցաւ նաեւ դատական իշխանութիւններուն պարզած ներկայ իրավիճակը: Այս բոլորը ի յայտ եկան, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար մէկ տարի եւ մէկ ամիս լռութենէ ետք ուղղուեցաւ իր...




















