Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու Համաձայնագիրի Բարեփոխուած Տարբերակի Ստորագրութիւն

January 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ կառավարութիւնը հինգշաբթի, 2 փետրուարին նիստ պիտի չգումարէ, վարչապետարանին մէջ երէկ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերէր լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերը հորատելու, պեղելու եւ նաւթ արտահանելու համաձայնագիրը որոշ փոփոխութեան ենթարկելու` նկատի ունենալով, որ Քաթար, նաւթի իր ընկերութիւններուն միջոցով, իր կարգին մաս պիտի կազմէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթի արտահանումին:

Համաձայնագիրի բարեփոխուած տարբերակին համաձայն, «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութեան ստանալիք շահի համեմատութիւնը 35 առ հարիւր է, «Էնի» ընկերութեանը` 35 առ հարիւր, Քաթարի ընկերութեանը` 30 առ հարիւր, իսկ նաւթ գտնուելու պարագային Լիբանանի շահերը կը տարուբերին 54-63 առ հարիւրի միջեւ:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին Միքաթի նկատել տուաւ, որ նաւթահորերու պեղումն ու նաւթի եւ բնական կազի արտահանումը իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի տնտեսութեան վրայ` կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առումով:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ նաւթահորերու պեղման գործնական աշխատանքը սկսի, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ լիբանանեան ծովային սահմանագծումը կատարել:

Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ նշեց, որ նաւթահորերու պեղման եւ նաւթի արտահանման համաձայնագիրի ստորագրութիւնը Քաթարի հետ կը նշանակէ, թէ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը առկայ է, հակառակ բոլոր տագնապներուն:

Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան իրականացնելու նաւթի մարզին մէջ արձանագրուած այս նուաճումը:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու կը մնայ ընկերութիւններուն հետ շահերը բաժնելու իր պայմանաւորուածութեան, ինչպէս նաեւ ամէն ճիգ ի գործ դնելու` լիբանանցիներուն բարօրութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու:

Իտալական «Էնի» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Քլաուտիօ Տիսքալզի յայտնեց, որ Միջերկրական ծովուն մէջ նաւթային հսկայ հարստութիւն գոյութիւն ունի` հաստատելով, որ նաւթի պեղման աշխատանքները կը նպաստեն Լիբանանի տնտեսութեան:

Ֆրանսական «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութեան գործադիր նախագահ Փաթրիք Փույաննէ յայտնեց, որ «Թոթալ էնըրճիզ» իր ներդրումը ունեցած է Լիբանանի ծովային սահմանագծումը կատարելու բանակցութիւններուն ընթացքին` աւելցնելով, որ այսօր ստորագրուած համաձայնագիրը շատ կարեւոր համաձայնագիր մըն է:

Քաթարի ուժանիւթի հարցերու պետական նախարար Սաատ պըն Շրիտա Քաապի նշեց, որ Քաթար պիտի ստանայ 30 առ հարիւր համեմատութեան շահաբաժին մը` աւելցնելով, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի հորատումն ու պեղումը կատարելու համաձայնագիրը կարեւոր է եւ անիկա առիթ մըն է օժանդակելու Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճման:

Քաապի հաստատեց, որ Քաթար միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու Լիբանանին, «իսկ նաւթային գործընկերութիւնը առիթ մըն է, որ Քաթար զօրակցի լիբանանեան տնտեսութեան բարգաւաճման», ըսաւ ան:

Նախորդը

Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Յաջորդը

«Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Կացութիւնը Կը Խոչընդոտէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Տանֆրիտ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.