Ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ շեշտեց, որ ինք այդ որոշումը տուած է փողոցին մէջ արիւնահեղութիւնը զսպելու նպատակով, եւ աւելցուց, որ ինք չի գիտեր, թէ արիւնահեղութիւնը ջնջա՞ծ է, թէ՞ յետաձգած:
«Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Օուէյտաթ նշեց, որ ինք իր լիազօրութիւններէն ու իրաւասութիւններէն հրաժարելու վիճակին մէջ չէ` աւելցնելով, որ ինք իբրեւ ընդհանուր դատախազ պատասխանատու է իւրաքանչիւր թղթածրարի եւ ինքն է, որ կը հետապնդէ յանցագործները ու ոչ թէ հակառակը:
Օուէյտաթ յայտնեց, որ դատաւոր Թարեք Պիթար պաշտօն մը չունի եւ ատակ չէ շարունակելու այս պարտականութիւնը, որուն գծով անոր լիազօրութիւնը դադրած է:
«Ինչպէ՞ս ան կրնայ հայելիին դիմաց կանգնիլ եւ ինքն իրեն որոշում տալ` վերադառնալու այդ պատասխանատուութեան», հարց տուաւ Օուէյտաթ:
Ան ընդգծեց, որ բոլորը պէտք է իմանան, թէ Պիթար չի կրնար այս թղթածրարը ստանձնել` մէկ տարի երեք ամիս իր աշխատանքէն հեռանալէ ետք, բացի եթէ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդն ու վճռաբեկ ատեանները յստակ որոշում մը տան այս առնչութեամբ: