Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտած ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն ողջունեց Լիբանանի ուժանիւթի մարզին մէջ արձանագրուած յաւելեալ ներդրումները:
Ան շեշտեց, որ այս նոր ներդրումը նոր նուաճում մը կը նկատուի` ծովային սահմանագծումի իմաստով ստորագրուած համաձայնագիրին կողքին:
Համաձայնագիրի բարեփոխուած տարբերակին համաձայն, «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութեան ստանալիք շահի համեմատութիւնը 35 առ հարիւր է, «Էնի» ընկերութեանը` 35 առ հարիւր, Քաթարի ընկերութեանը` 30 առ հարիւր, իսկ նաւթ գտնուելու պարագային Լիբանանի շահերը կը տարուբերին 54-63 առ հարիւրի միջեւ: