Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ, որ Ալճերիոյ մէջ կը մասնակցի իսլամական երկիրներու խորհրդարաններու ընդհանուր ժողովին, իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը սպառնալիքի տակ պահողը անիրաւութիւնն է, որ կը գործադրուի թշնամի Իսրայէլի կողմէ` արաբ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն դէմ: «Թշնամի Իսրայէլ չէ բաւարարուած Պաղեստինը բռնագրաւելով, այլ ան կ՛ուզէ տիրանալ նաեւ լիբանանեան հողերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բնական հարստութեան եւ Լիբանան հայրենիքի կազմաւորումին», ըսաւ ան:
Հաշեմ նկատել տուաւ, որ արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ ապրող ազատականներուն պատասխանատուութիւնն է չափ ու սահման ճշդել նացիական այս ոճին եւ առիթ տալ, որ պաղեստինցիները` իբրեւ իսկական իրաւատէրեր, ստանան իրենց հողերուն տիրելու իրաւունքը: «Այլապէս այս իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին վրայ պիտի ձգէ իր ժխտական զարգացումը, ինչպէս նաեւ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանին եւ աշխարհին կայունութեան վրայ», ըսաւ ան:
Հաշեմ ընդգծեց, որ կարելի չէ յանդուգն քայլերու դիմել` գործադրելու համար միջազգային որոշումներն ու ուխտերը, ինչպէս նաեւ զօրակցելու պաղեստինցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան կերտել Պաղեստինը, լիբանանեան առումով վերջ մը դրուի Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն, լիբանանեան այլ շրջաններու, ինչպէս նաեւ սուրիական Կոլանի բռնագրաւումին: «Այս բոլորը պէտք է իրագործուին միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլի մը սկսելու համար` արդարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ յարգելու համար, եւ վերջ տալու արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու յղացքներուն առումով առկայ երկու չափ, երկու կշիռի տեսակէտին», հաստատեց ան: