Անկախութիւն շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը մերժէ «դատական քաոս» եզրը, որովհետեւ ինչ որ կը պատահի, ծրագրուած աշխատանք է, որ սկսած է հետաքննութիւնը խանգարելու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ ծրագրուած այդ աշխատանքը սկսած է պայթումին յաջորդ օրն իսկ` աւելցնելով, որ անցեալ շաբաթ արձանագրուած զարգացումները «դատական յեղաշրջում» կը նկատուին, եւ անիկա արձանագրուած է հետաքննութիւնը փակելու միտումով:
«Մեզի համար մղուած պայքարը դատաւոր մը պաշտպանելու կամ ուրիշի մը դէմ յարձակում գործելու պայքար չէ, այլ` ճնշում բանեցնելու փորձ մըն է, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւն բանեցնել», ըսաւ ան:
Մուաուատ աւելցուց, որ Ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ այս իմաստով օրինական ոչ մէկ հանգամանք ունի, եւ Արդարութեան խորհուրդին պատասխանատուութիւնն է որոշում տալ, որ ան սխալա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի կողմէ ներկայացուած պահանջին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով ամերիկացի քաղաքացիները ազատ արձակելու առումով, Մուաուատ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ ապրող ամերիկացի քաղաքացին երանելի է, որովհետեւ ան շատ աւելի իրաւունքներ ունի, քան լիբանանցին: Եթէ նաւահանգիստի պայթումին հարցով ամերիկեան, տեղական եւ միջազգային մեղսակցութիւն գոյանայ, պիտի չարտօնենք, որ զոհերուն թափած արիւնը սակարկութեան ենթարկուի», յայտնեց ան:
Մուաուատ նշեց, որ նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար պատմական պատասխանատուութիւն ունի իր համոզումներուն համաձայն եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին արձակելու նախնական վճիռը, որպէսզի թղթածրարը փոխանցուի Արդարութեան խորհուրդ:
Նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուաուատ ընդգծեց, որ ինք իր անունով թեկնածու չէ, այլ` ծրագիրի մը թեկնածուն է: «Ես նեցուկ կը կանգնիմ այս ծրագիրը կրող ոեւէ անհատի, որ Պաապտայի պալատ հասնի, սակայն միաժամանակ չեմ զիջիր, որ «աւագ քարտուղար» մը համախոհութեան անուան տակ հասնի նախագահական պալատ», ըսաւ ան: