Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 58.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.092.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.118.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.139.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 695.000 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ երկիրը բաժնելու մասին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած յայտարարութիւնները վտանգաւոր են եւ անլուրջ: Պըրրի վերահաստատեց, որ տագնապին միակ լուծումը երկխօսութիւնն է:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ պետական նպաստէ զուրկ դեղորայքին պարագային շաբաթական դրութեամբ պիտի ճշդուի ամերիկեան տոլարին համապատասխան փոխարժէքը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց երեսփոխան Ղատա Այուպը, որուն հետ քննարկեց երկրին զարգացումներն ու Ժեզզինի կարիքները: Մաուլաուիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Մոհամետ Սլէյման եւ Ապտել Ազիզ Սամատ, որոնք նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուցին հիւսիսային Լիբանանի կարիքները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ Լիբանանը քանդելու դաւադրական ծրագիրին մէջ դատական իշխանութեան ահաբեկումը կը մնայ վերջին նպատակը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց աշխատաւորներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այդ շրջագիծին մէջ պլոքը հաստատեց, որ իրենք կը հետեւին քայլերուն եւ այն հաղորդակցութիւններուն, որոնք կը նպատակադրեն համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ նախագահական ընտրութեան յանգիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ հաստատեց, որ պաշտպանութեան նախարարը ուղղակի պատասխանատուն է բանակին եւ նախարարութեան բոլոր կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն: Ան ընդգծեց նաեւ, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ոչ ոքի լիազօրութիւններուն միջամուխ դարձած է, այլ բառացիօրէն օրէնքը գործադրած:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թարաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը լուծելու միջոցները:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Կը Պահանջէ Ուքրանիոյ Դէմ Պատերազմի Միջազգային Դատարան Ստեղծել

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սլիմը, Իպրահիմն Ու Համատէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?