Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութեան Եւ Ընդդիմութեան Երեսփոխանները Միացեալ Կոչ Մը Հրապարակեցին

January 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութեան եւ ընդդիմութեան երեսփոխանները անցեալ շաբաթավերջին խորհրդարանին մէջ ստորագրեցին միացեալ կոչ մը, որուն մէջ որդեգրեցին Իրաւաբաններու սենտիքային եւ Դատաւորներու միութեան հաղորդագրութիւնները:

Միացեալ կոչով հաստատուեցաւ, որ 4 օգոստոսի պայթումին անմեղ զոհերուն թափած արիւնը սակարկութեան պիտի չենթարկուի, ինչպէս նաեւ պահանջուեցաւ ընդհանուր դատախազը անմիջապէս հաշուետուութեան կանչել` իր գործած բացայայտ օրինազանցութեան համար:

Միացեալ կոչին մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ, որ 25 յունուար 2023-էն ի վեր լիբանանցի ժողովուրդը սեւ յեղաշրջում մը կը վկայէ, որովհետեւ պետական վարչակարգն ու դատական իշխանութիւնները կը փորձեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի սպանդին պատմական արարքին գծով հաստատուելիք արդարութիւնը ահաբեկել:

Կոչին մէջ արձանագրուեցաւ, որ նոյնիսկ բռնապետութիւններու օրով նման բան չէ կատարուած, եւ նշուեցաւ, որ այս յեղաշրջումին նպատակն է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարը փակել, ինչպէս նաեւ արդարութիւնը թաղել:

Միացեալ կոչով պահանջ ներկայացուեցաւ հետաքննութիւնը շարունակելու` հետաքննիչ դատաւոր Թարեք Պիթարի կողմէ:

Կոչը դատապարտեց նաեւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն դէմ յարձակումն ու Արդարութեան պալատին մէջ եւ անոր մուտքին անոնց խոշտանգումը` պահանջելով պատժել յանցագործները:

Միացեալ կոչով երեսփոխանները պահանջեցին ընդհանուր դատախազը անմիջական հաշուետուութեան կանչել, ինչպէս նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատարէն պահանջեցին անկեղծանալ լիբանանցիներուն հետ եւ անոնց բացատրել, թէ երկրին դատական իշխանութիւններուն ի՛նչ պատահած է:

Միացեալ կոչը ստորագրող երեսփոխանները անհրաժեշտ նկատեցին նախագահական ընտրութիւնը եւ շեշտեցին, որ խորհրդարանը գումարուելու մնայուն վիճակի մէջ պէտք է ըլլայ եւ վերածուի ընտրական խորհուրդի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին նախագահական ընտրութիւնը կատարել:

 

Նախորդը

Իրանի Մէջ Երկրաշարժ. 3 Զոհ Եւ 816 Վիրաւոր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Կը Մաղթենք, Որ Պիթար Շարունակէ Նաւահանգիստի Պայթումին Ճշմարտութիւնը Բացայայտելու Հետաքննութիւնը»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.