Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու բանակին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Սլիմ շեշտեց, որ անկարելի է, որ ինք կատարած ըլլայ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը պաշտօնազրկելու մասին յայտարարութիւնը:
Սլիմ ընդգծեց, որ ինք իր որոշումները կու տայ օրէնքներուն համաձայն եւ ոչ թէ կ՛անսայ այս կամ այն քաղաքական պահանջին:
Սլիմ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը միշտ պիտի պաշտպանէ հայրենիքն ու քաղաքացիները` աւելցնելով, որ բանակին առումով մտահոգիչ ոչինչ գոյութիւն ունի: «Կը մնանք յանձնառու, որ հայրենիքին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու բանակին դերակատարութիւնը մնայ ամուր», հաստատեց ան:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ այսպիսի դժուար օրերու ընթացքին անհրաժեշտ է երկրին իմաստուններուն, որոնցմէ գլխաւորաբար` Ռայի պատրիարքին, հետ խորհրդակցիլ:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին կատարած իր այցելութեան նպատակը նախագահական ընտրութեան մասին քննարկումը չէ` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է երկրին կայունութիւն պարգեւելու իմաստով որեւէ նախաձեռնութեան դիմելու:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննիչ դատաւոր Թարեք Պիթարի կողմէ հարցաքննութեան կանչուելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Իպրահիմ յայտնեց, որ այդ մասին նախապէս իր կեցուածքը յայտնած է: «Այս ամպիոնէն խօսքս կ՛ուղղեմ դատաւորներուն եւ կ՛ըսեմ անոնց. Պէյրութ մայրն է օրէնսդրութեան, զայն մի՛ վերածէք փողոցայնութեան մօր», ըսաւ Իպրահիմ:
Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Համատէ յայտնեց, որ այսօր բոլոր լիբանանցիները վտանգի ենթակայ են` աւելցնելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը անկարելի եւ արգիլուած տարբերակն է, «որ անձամբ ապրեցայ, եւ որ ապրեցան Մայրիներու յեղափոխութեան բոլոր նահատակները», ըսաւ ան: