Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Յունուար 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ կրթութեան նախարարութեան վերաբերող շարք մը խնդիրներ, յատկապէս նկատի ունենալով սեփական դպրոցներուն եւ Լիբանանեան համալսարանին կողմէ ցուցաբերուած նախանշանները:

Հալապի յայտնեց, որ կրթութեան թղթածրարը հիմնական է, սակայն անիկա միայն կրթութեան նախարարութեան պատասխանատուութիւնը չէ, որովհետեւ կան ուսուցիչներուն յատուկ պահանջներ, իսկ այս տագնապին կարելի պիտի ըլլայ լուծում ապահովել կառավարութենէն բխած հրամանագիրներով, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին կողմէ կատարուելիք օրէնսդրութեամբ:

Հալապի նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ իրենք Պըրրիի ուշադրութեան յանձնած են շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկած են խորհրդարանին կողմէ գումարուելիք առաջին նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը, որպէսզի ան ընդգրկէ կրթութեան մարզի տագնապին լուծումներ ապահովող միջոցներ:

Կաթողիկէ Վարժարաններու Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը
Կ՛որոշէ 9-15 Փետրուար Դպրոցները Փակ Պահել

Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն` ընդհանուր քարտուղարութիւնը հաստատեց, որ դպրոցներու խորհուրդին ժողովները բաց պիտի մնան, որպէսզի խորհրդակցութիւններ կատարուին կրթական խորհուրդներուն եւ ծնողական խորհուրդներուն միջեւ:

Ընդհանուր քարտուղարութիւնը գնահատանքով անդրադարձաւ ծնողներու  զոհողութիւններուն եւ ուսուցիչներու նուիրումին` հաստատելով, որ անոնց նուիրուածութիւնն ու դրական կեցուածքը քաջալերելու լուրջ քայլերու դիմուած է:

Նասըր նշեց, որ ուսուցիչները պիտի ստանան փոխադրածախսի յաւելում` ըստ իրենց բնակութեան վայրին:

Աշակերտներուն արձակուրդ պիտի տրուի չորեքշաբթի, 8 փետրուարի գիշերէն մինչեւ չորեքշաբթի, 15 փետրուարի առաւօտեան, այլ խօսքով` կաթողիկէ դպրոցները փակ պիտի մնան 9-14 փետրուար, եւ պիտի վերաբացուին չորեքշաբթի, 15 փետրուարին:

Ընդհանուր քարտուղարութիւնը իր  շրջաբերականին մէջ կը հաստատէ նաեւ այն, որ կրթական տարեշրջանը պիտի շարունակէ նոյնիսկ եթէ կրթական օրերը նուազին կամ տարեկան արձակուրդները երկարին:

Ընդհանուր քարտուղարութեան որոշումով կաթողիկէ վարժարաններուն կրթական տարեշրջանի պիւտճէն պիտի վաւերացուի տարի մը առաջ, այսինքն` 2023-2024 կրթական տարեշրջանի պիւտճէն արդէն իսկ պիտի մշակուի, եւ դպրոցական կրթաթոշակները պիտի ճշդուին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդ կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները ըստ այն կատարել, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն հետ համապատասխան կերպով վարուիլ` զսպելու համար անոնց արտագաղթը:

Այս շրջագիծին մէջ հայր Նասըր յայտնեց, որ տնտեսական կացութիւնը շատ դժուար է, եւ ուսուցիչները չեն կրնար յաւելեալ հանդուրժողութիւն ցուցաբերել: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ծնողները իրենց կարգին ունին սահմանափակ կարելիութիւններ եւ չեն կրնար սղաճը հանդուրժել:

ՆՇԵՆՔ, որ պետական վարժարաններու ուսուցիչները այս շաբաթ եւս պիտի շարունակեն իրենց գործադուլը:

 

Նախորդը

«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու Համաձայնագիրի Բարեփոխուած Տարբերակի Ստորագրութիւն

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?