Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղութեան գործընթացներու օգնական Ժան Փիեռ Լաքրուա այցելեց Լիբանան, ուր քննարկեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լաքրուան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Պըրրի հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտումները վկայելու ու զանոնք կասեցնելու առումով:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց Լիբանանի կառչածութիւնը` թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց Լաքրուան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Միքաթիի խորհրդականներ Պութրոս Ասաքեր եւ Զիատ Միքաթի:

Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

Հանդիպումին քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտացի զինուորի մը սպանութիւնը:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Իր կարգին, Լաքրուա գնահատեց Աքիպիէի միջադէպին գծով լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ անմիջապէս հետաքննութիւն բանալու եւ լուրջ վերաբերում ցուցաբերելու նախաձեռնութիւնը:

Լաքրուա շեշտեց, որ ՄԱԿ յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց շարժումները պիտի համադրեն լիբանանեան բանակին հետ:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ընդունեց Լաքրուան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Քննարկուեցաւ Աքիպիէի միջադէպին հետաքննութիւնը շարունակելու եւ յանցագործները պատժելու կարեւորութիւնը: Բարձր գնահատուեցաւ Լիբանանի ծովային սահմանագծման իրագործումը:

Լաքրուա հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ կառչած կը մնայ հարաւային Լիբանանի հասարակութեան հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները պահպանելու, եւ ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Պու Հապիպ գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ գործունէութիւնը եւ ՄԱԿ-էն պահանջեց խստիւ դատապարտել իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող ոտնձգութիւնները` ցամաքային, ծովային եւ օդային, Լիբանանի գերիշխանութեան եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան դէմ:

Լաքրուան, Վրոնեցքան եւ զօր. Լասարոն ընդգրկող պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

RelatedPosts

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Լիբանանեան

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարտ 30, 2023
«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները
Լիբանանեան

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Ճշդելու Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններու Հարցը

Մարտ 30, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան Մուրթատայի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Մուրթատայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In