Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին լիբանանեան բանակը կրցած է արգիլել դէպի Լիբանան 1500 սուրիացի գաղթականներուն ապօրինի մուտքը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց...




















