Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Շահերուն Համար Օգտակար Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Իմաստով Սեղանը Դարձնել` Նոյնիսկ Ուշացած Վիճակով

Հոկտեմբեր 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը արդէն իսկ մահաքունի մէջ է, եւ ոչ ոք կը յուսայ այս տարուան ընթացքին իրագործել նախագահական ընտրութիւնը:

Ընդհակառակն` այդ թղթածրարը ամբողջութեամբ յանձնուած է շրջանի եւ մեծ պետութիւններուն, ինչ որ այլ խօսքով կը նշանակէ, թէ ամբողջութեամբ միջազգայնացուած է:

Նկատի ունենալով տիրող կացութիւնն ու նախագահական թղթածրարին արձանագրած սառած իրավիճակը, Լիբանանի առջեւ ծառացած է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որ 12 տարուան կեանք ունի, սակայն վերջին ամիսներուն տեղահանուածներու հոսքը աւելի ծանր թափ ստացած է` աւելցնելով Լիբանանին սպառնացող անոր վտանգը:

Հետեւաբար Լիբանանի շահերուն համար օգտակար է սուրիացի տեղահանուածներուն իմաստով սեղանը դարձնել` նոյնիսկ ուշացած վիճակով:

Պէտք է մեծ պետութիւններուն վրայ պարտադրել Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը եւ անոնց ներկայացնել Լիբանանի միացեալ կեցուածքը ե՛ւ խորհրդարանին, ե՛ւ կառավարութեան կողմէ:

Ապահովական կառոյցներուն մօտ տակաւին կան տեղեկութիւններ, թէ այդ տեղահանուածներուն մեծ մասը Թուրքիայէն Լիբանան մուտք կը գործէ` անցնելով Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանները:

Հիմնական հարցը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, թէ Թուրքիա ինչո՞ւ իր սահմանները բացած է սուրիացի տեղահանուածներուն դիմաց, որպէսզի անոնք ուղղուին դէպի Սուրիա եւ ապա Լիբանան: Կայ նաեւ այլ հարցում մը, որ անոնց մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ երիտասարդ են եւ մեծ թիւերով կը հասնին Լիբանան:

Այս բոլոր հարցադրումներուն պէտք է տալ քաղաքական միասնական ու հատու պատասխան:

Նախորդը

Լիբանանեան Պետական Անձնաւորութիւններ Եւ Քաղաքական Ուժեր Դատապարտեցին Հոմսի Սպայից Վարժարանին Վրայ Գործուած Յարձակումը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Արցախի Մեր Ժողովուրդին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?