Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակին, «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանէն լրագրողական խումբ մը` գլխաւորութեամբ ծանօթ լրագրող Էտմոն Սեսինի, շաբաթավերջին մեկնեցաւ Հայաստան:
«Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի կողմէ քանի մը օրերու ընթացքին յատուկ ուղղակի սփռումներ պիտի կատարուին Հայաստանէն, անդրադառնալու համար Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ տիրող իրավիճակին:
Այս շրջագիծին մէջ, Էտմոն Սեսին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Արարատի մարզ եւ երեկոյեան ժամը 8:00-ի լուրերէն ուղղակի սփռումով հանդէս եկան` անդրադառնալու համար արցախահայութեան հոգեվիճակին եւ այն հսկայ հարուածին, որ անոնք հայրենիք կորսնցուցած են:
Էտմոն Սեսին իր պատրաստած տեսանիւթին մէջ ակնարկ մը կատարեց նաեւ Արցախի վրայ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումին եւ Ազրպէյճանի գործած անարգ ոճիրներուն, որոնց պատճառով մեծ թիւով արցախցի զոհեր արձանագրուեցան, ինչպէս նաեւ հայոց դէմ դարձեալ ողբերգութիւն մը արձանագրուեցաւ: «Արցախի ժողովուրդը, որ հայ ժողովուրդի մէկ հատուածն է, այսօր դարձեալ դէմ յանդիման կը գտնուի աղէտի մը: Ան կը պատկանի այն ժողովուրդին, որ տակաւին քանի մը տարի առաջ նշեց իր դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակը», ըսաւ ան:
Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ
Կը Շարունակեն Զօրակցիլ
Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան
Արցախի հայաթափումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած ցեղային զտման արարքին մասին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ ու պետական անձնաւորութիւններ շարունակեցին իրենց զօրակցական կեցուածքները հայ ժողովուրդին ու լիբանանահայութեան` դատապարտելով Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական արարքներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը:
Այս բաժինով կ՛անդրադառնանք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներուն:
Ալֆրետ Մատի. «Անվտանգութիւն Ունեցող Ժողովուրդի Մը
Վտարումը Մարդկութեան Դէմ Գործուած Ոճիր Է»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախկին անդամ Ալֆրետ Մատի հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը կրկնուի:
Անկախ անկէ, թէ Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի կը զօրակցիս: Անկախ անկէ, թէ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի կամ Եւրոպայի կը զօրակցիս եւ կամ անոնց բոլորին դէմ ես:
Անկախ անկէ, թէ նախ կազի կարի՞ք ունիս, թէ՞ ոչ, կամ մեծ պետութիւններու հաշիւներուն մէ՞ջ ես, թէ՞ ոչ:
1915-ի Ցեղասպանութենէն եւ բռնի տեղահանութիւններէն մինչեւ 2023 Արցախի վրայ յարձակումն ու արցախցիներու բռնագաղթը, այս խաղին մէջ ներառուած ուժերու ու երկիրներու փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:
Դէպքերու հոսքն ու պատճառաբանութիւններու տարբերութիւնը կը շրջանցեն Արցախը եւ հայոց հայրենիքը ըլլալու իրականութիւնը, եւ կու գան հաստատելու, որ այդ հարցը կը վերաբերի իւրաքանչիւր ժողովուրդի եւ անոր սպառնացող գոյութեան, յատկապէս այնպիսի շրջանի մը մէջ, որ կ՛ենթարկուի ցեղային զտումի, ինքնութեան ու սահմաններու փոփոխութեան, նաւթի ու բնական կազի շուկաներուն մէջ առուծախի սակարկութիւններու: Արցախի հարցը ուղղակիօրէն ազատութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի բազմազանութեան պաշտպանութեան հարց է:
Արցախի վկայած ներխուժումը, անարգ սպանութիւնները, ցեղային զտումը, բռնի տեղահանութեան ենթարկումը եւ անվտանգութիւն ունեցող ժողովուրդի մը վտարումը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է: Ասիկա կը պատահի 21-րդ դարուն` յաչս աշխարհին: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն կարգախօսները ձախողած են:
ՄԱԿ-ի մէջ մարդկային իրաւունքները ձախողած են, Միացեալ Նահանգներու մէջ ժողովրդավարութիւնը ձախողած է, Եւրոպայի մէջ ազատութիւնը ձախողած է, Ռուսիոյ մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը ձախողած է, Չինաստանի չէզոքութիւնը ձախողած է, եւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ամէն տեսակի սկզբունք, արժէք եւ բարոյականութիւն ձախողած են:
Աշխարհագրութեան անէծքը, ուժը, երկիրներու շահերը եւ կազի իրենց կարիքները յաղթած են պատմութեան խորքին, քաղաքակրթութեան, սկզբունքներուն, արժէքներուն, բարոյականութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ իրաւունքին…
Իբրեւ լիբանանցիներ այս պատահարը մեզի համար դաս է: Արդեօք կը սթափի՞նք եւ կը համախմբուի՞նք, պաշտպանելու համար Լիբանանը` աշխարհագրութեան անէծքէն եւ բնական կազը կրնա՞նք վերածել օրհնութեան` նոյն ճակատագիրին չենթարկուելու համար… Աստուած օրհնէ Լիբանանը»: