Նախանցեալ երեկոյեան Տորայի Մար Մարուն եկեղեցւոյ դիմաց ապահովական միջադէպ մը տեղի ունեցաւ լիբանանցի եւ սուրիացի երիտասարդներու միջեւ:
Միջադէպին տուն տուող պատճառը եղաւ կնոջ մը եւ մոթորսիքլեթ վարող երիտասարդի մը միջեւ պատահած արկածը:
Արկածին պատճառով դէպքին վայրը հասան մօտակայ գործարաններուն մէջ աշխատող սուրիացի երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ լիբանանցի երիտասարդներ, որոնց միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:
Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս հասան դէպքին վայրը եւ ձերբակալեցին 8 սուրիացիներ, որոնց կեցութիւնը երկրին մէջ ապօրինի էր:
Բանակը ձերբակալուած սուրիացիները յանձնեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ փակելով դէպի Տորա տանող ներքին փողոցները` կրցաւ զսպել միջադէպին հաւանական ընդարձակումն ու կացութիւնը առնել իր հակակշիռին տակ:
Բանակին հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը Տորայի մէջ 27 սուրիացիներ ձերբակալած է: