Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ երէկ յայտարարեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վաղը` հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ներկայ իրադարձութիւններն ու սուրիացի տեղահանուածներուն կապուած որոշումներուն գործադրութեան մասին տեղեկագիրը:
Մաքքիէ յայտնեց, որ Միքաթի, նկատի ունենալով տիրող արտակարգ եւ զգայուն պայմանները, նախարարները կը հրաւիրէ նիստի մը, եւ կ՛ակնկալէ, որ երկրին դիմագրաւած այս զգայուն եւ արտակարգ իրավիճակին ընթացքին անոնք յանձնառու կ՛ըլլան ներկայ գտնուելու նիստին:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Անթուան Սալիպան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը:
Այս հանդիպումին մասին ոչինչ հաղորդուեցաւ:
Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Շթուքըլ, որ վարչապետի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի:


