Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ ապահովական բեմերը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական զարգացումներն ու օրէնսդրական կարգ մը հարցեր:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Շիա մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:


