Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրեց Զգուշաւոր Լռութիւն. Երեկոյեան Իսրայէլեան Հրետանին Ռմբակոծեց Սահմանային Շրջաններ

Հոկտեմբեր 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի մէջ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ բռնկած պատերազմին հետեւանքներէն ազդուող Լիբանանը, յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին պարզեց զգուշաւոր լռութեան իրավիճակ մը:

Ամբողջ օրուան ընթացքին իսրայէլեան բանակը յայտնած էր, թէ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ արտասովոր դէպքեր չկան` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ կը հսկեն սահմանին:

Գրեթէ ամբողջ օրը տեւած զգուշաւոր լռութիւնը սակայն խախտեցաւ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, երբ ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ Քլայլէի հովիտէն վեց հրթիռներ արձակուած են դէպի հիւսիսային Իսրայէլ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ նոյն ժամերուն յայտարարեցին, թէ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ օդային տագնապը միացուած է, իսկ քանի մը վայրկեան ետք յայտնեցին, թէ արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ իսրայէլեան երկաթեայ գմբէթը վնասազերծած է կարգ մը հրթիռներ:

Վայրկեաններ ետք, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց սահմանային Տահիրա գիւղաքաղաքն ու անոր շրջակայքը, ինչպէս նաեւ արեւելեան Սուրի Զըպքին, Քլայլէ եւ Շաայթիէ գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ Պասթրա շրջանն ու Խանսայի հովիտը:

Կէս ժամ ետք իսրայէլեան պաշտօնական ռատիոկայանը հաղորդեց, որ հաւանական է, որ Լիբանանէն ոմանք թափանցած ըլլան արեւմտեան Գալիլիոյ Շլոմի շրջանը:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ Լիբանանը կը ռմբակոծեն ի պատասխան հարաւէն կատարուած հրթիռարձակման:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը շարունակեն երկու կողմերուն հետ իրենց հաղորդակցութիւնները` հանդարտ պահելու համար տիրող պայթիւնավտանգ կացութիւնը:

Թինընթի բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան բանակը Մէյս էլ Ժապալի եւ Ռըմէյշի շրջակայքը լուսաւորող ռումբեր արձակեց, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ լսուեցան կրակոցներ, իսկ ուշ գիշերին իսրայէլեան ուժեր հրասանդերով ռմբակոծեցին Ռըմէյշը, ուր վնասուեցաւ լիբանանեան բանակի մէկ զօրանոցը եւ թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ լիբանանեան բանակի սպայ մը:

Նշենք, որ Հըզպալլա նախանցեալ գիշեր ժամը 10:00-ին գուժեց իր երեք մարտիկներուն նահատակութիւնը` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով:

Ժամը 10:45-ին Հըզպալլա ռմբակոծեց իսրայէլեան Պրանիթ եւ Աւիվիմ բնակեցման վայրերուն մէջ գտնուող զօրանոցները:

Այստեղ պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Փենթակոնը նախանցեալ երեկոյեան Հըզպալլան զգուշացուց Իսրայէլի հետ նոր ճակատ մը բանալէ:

Փենթակոնի պատասխանատու պաշտօնատարներէն մէկը շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք չէ սխալ որոշում մը տայ` ներկայ տագնապին զուգահեռ Իսրայէլի դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալով:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Միքաթին Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցագիր Յղեց Սուրիոյ Նախագահին` Հոմսի Մէջ Ինկած Զոհերուն Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?