Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Կ՛անդրադառնայ Լիբանանին Սպառնացող Գոյութենական Վտանգին

Հոկտեմբեր 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող կարգ մը հարցերուն լուծումներ գտնելու կարեւորութեան` ընդգծելով, որ անոնցմէ են Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանները յստակացնելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ կոչ ուղղեց ամերիկեան վարչակազմին հասկնալու, որ մեծ թիւերով սուրիացի տեղահանուածներու Լիբանան ժամանումը Լիբանանին սպառնացող գոյութենական վտանգ է:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան պահանջած է ճշդել Իսրայէլի հետ իր սահմանները` աւելցնելով, որ իսրայէլացիները այս աշխատանքին պատրաստ չեն:

Ան դիտել տուաւ, որ այդ նպատակով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի անձնական խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այցելեց Լիբանան եւ Պէյրութի մէջ այդ ուղղութեամբ քննարկումներ ունեցաւ իրեն հետ` նշելով, որ Հոքշթայն պիտի ուղղուի նաեւ Իսրայէլ, այդ մասին իսրայէլացիներուն պատրաստակամութիւնը իմանալու համար:

Պու Հապիպ մաղթեց, որ Հոքշթայն վերադառնայ Պէյրութ, որպէսզի անոր կարելի ըլլայ ցոյց տալ սահմանային այն խախտումները, որոնք կ՛արձանագրուին հարաւային Լիբանանի մէջ եւ որոնք մեծաւ մասամբ իսրայէլեան են:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանին վրայ Հըզպալլայի կողմէ լարուած վրանը Իսրայէլին լարուածութիւն պատճառած է, Պու Հապիպ ըսաւ. «Լարուած վրանը լիբանանեան անձնական հողի վրայ կը գտնուի եւ սահմանային խախտում չի նկատուիր»:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ չէ այդ վրանը վերցնելու, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ եթէ իսրայէլացիները փորձեն վերցնել այդ վրանը, ապա զինեալ բախումներ կրնան արձանագրուիլ:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար հինգ պետութիւններուն, յատկապէս` Ֆրանսայի ի գործ դրած ջանքերը, օգտակար չեն եղած նոր նախագահի մը ընտրութեան համար:

Պու Հապիպ նշեց նաեւ, որ ինք չ՛ակնկալեր, որ նախագահական ընտրութիւնը այս տարուան ընթացքին կատարուի, որովհետեւ երեսփոխանական պլոքները իրարու հետ անհամաձայն են:

Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան մասին խօսելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ անոնց մեծ մասը` մանաւանդ գաղթականներու վերջին ալիքը արձանագրուած է Սուրիոյ տնտեսական կացութեան ահաւոր ըլլալուն պատճառով:

Ան նշեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի կամ միջազգային հասարակութեան որոշումներէն դուրս չի կրնար գալ, հետեւաբար չի կրնար խոչընդոտել միջազգային կազմակերպութիւններուն աշխատանքը:

Սակայն ան կոչ ուղղեց ամերիկեան վարչակազմին հասկնալու, որ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի գոյութեան սպառնացող վտանգ կը նկատուին:

 

 

 

Նախորդը

Պըն Զայետ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Լիբանանի Միասնականութեան Կը Զօրակցին»

Յաջորդը

Տորայի Մէջ Ապահովական Միջադէպ` Լիբանանցիներու Եւ Սուրիացիներու Միջեւ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?