Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ, շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըն Զայետ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանին` յոյս յայտնելով, որ ան մնայ ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ, ինչպէս նաեւ յառաջդիմութիւն եւ զարգացում արձանագրէ` իրականացնելով լիբանանցիներուն բոլոր ձգտումները:
Պըն Զայետ եւ Միքաթի քննարկեցին Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու միջոցները` տարբեր մարզերուն մէջ, յատկապէս տնտեսական եւ բարգաւաճման առումով:
Անոնք համաձայնեցան դիմել պէտք եղած միջոցներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Պէյրութի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատունը վերաբանալ, ինչպէս նաեւ կազմել միացեալ յանձնախումբ մը` մշակելու համար գործիքակազմ մը, որ կը դիւրացնէ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ լիբանանցիներուն մուտքի արտօնագիր ապահովելու հոլովոյթը:
Միքաթի Պըն Զայետին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ զանոնք փարատելու համար ի գործ դրուած ճիգերն ու ջանքերը` բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Քննարկուեցան նաեւ արաբական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ ընդգծուեցաւ լիբանանեան-իմարաթական երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըն Զայետ հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը զօրակցին Լիբանանի միասնականութեան, անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի շահերուն իրականացման:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Պըն Զայետին` Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութեան համար:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շեհապ Տանտանը, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիական անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի պըն Համատ Շամիսին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Խալիֆէ Շեհին Մարարը:


