Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 54.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 54.000 լ. ոսկիով, մազութը` 17.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազում կամ յաւելում չէ արձանագրած: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Աշխատելու Արցախահայութեան Տունդարձին Ուղղութեամբ

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Պաշտօնական Յայտարարութիւնը

Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը անդրադարձաւ Կովկասի շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին ողբերգութեան, որուն հետեւանքով բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցան 120.000 հայեր: Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին ապահովելու տեղահանուածներու տունդարձն ու անոնց համապատասխան միջոցներու ապահովումը միջազգային օրէնքի եւ ինքնորոշման իրաւունքի սահմաններուն մէջ:

Պըրրի Ընդունեց Եգիպտոսի  Եւ Արժանթինի Դեսպանները

Պըրրի Ընդունեց Եգիպտոսի Եւ Արժանթինի Դեսպանները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` Լիբանանի մէջ կատարած իր դիւանագիտական աշխատանքի աւարտին առիթով: Հանդիպումին աւարտին Պըրրի Ալաուիին իբրեւ յուշանուէր յանձնեց խորհրդարանի նշանաբանը` բարձր գնահատելով անոր ջանքերը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը, որուն այցելութիւնը դարձեալ ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Պըրրի ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական...

Ճիւնիի Մէջ.   Զօր. Աուն Բացումը Կատարեց Լիբանանեան  Ծովուժի Վարժարանի Նորակառոյց Շէնքին

Ճիւնիի Մէջ. Զօր. Աուն Բացումը Կատարեց Լիբանանեան Ծովուժի Վարժարանի Նորակառոյց Շէնքին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Ճիւնիի ծովային խարիսխին վրայ բացումը կատարեց լիբանանեան ծովուժի վարժարանի նորակառոյց շէնքին, որուն կառուցումը ամբողջացաւ գերմանական իշխանութիւններուն ֆինանսաւորումով: Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քըրթ Սթիլֆրիտ, Գերմանիոյ զինեալ ուժերու հրամանատար զօր. Քարսթըն Պրէյըր, ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժի ժամանակաւոր հրամանատար ծովակալ Մայքըլ Միուզ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի սպաներ եւ կարգ մը դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ: Բացման...

Ընդառաջելով Լիբանանցի  Պատասխանատուներու Կոչին`  Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ  Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Արցախի Բռնագրաւում. Պէյրութի Յայտարարութեան Մասնակից Անձնաւորութիւնները

Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ Ասորիներու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Ասիօ Մարատա հոսանքի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ Մարոնիներու լիկայի փոխնախագահ, դատաւոր Ռաֆֆուլ Պուսթանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Սերժ Տաղեր Յոյն ուղղափառ համախմբան նախագահ, նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել Մարդկային իրաւանց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան տոքթ. Միշել Մուսա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջազգային կապերու պատասխանատու, նախկին նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեան Մամլոյ...

Միքաթի Մեկնեցաւ Ապու Տապի

Միքաթի Մեկնեցաւ Ապու Տապի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Ապու Տապի, ուր հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ, շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շեհապ Տանտանը, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիական անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի պըն Համատ Շամիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Խալիֆէ Շեհին Մարարը:  

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին  Քննարկումը Պիտի Սկսի 9 Հոկտեմբերին»

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին Քննարկումը Պիտի Սկսի 9 Հոկտեմբերին»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2023-ին: Քանաան ընդգծեց, որ նիստին ընթացքին պիտի սկսի 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը: Կը նախատեսուի, որ նիստին ներկայ գտնուի նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան անձնակազմէն պատուիրակութիւն մը: Միւս կողմէ, Քանաան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական...

Թէյմուր Ժոմպլաթ Կենսոլորտային  Հարցեր Քննարկեց Նասեր Եասինի Հետ

Թէյմուր Ժոմպլաթ Կենսոլորտային Հարցեր Քննարկեց Նասեր Եասինի Հետ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասինը` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի եւ Ժոմպլաթի խորհրդական Հուսամ Հարպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կենսոլորտային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի նախարարութեան ընթացքն ու նախարարութեան աշխատանքները: Ժոմպլաթ ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի Լիբանանի նահանգապետներուն յղեց երկու հրամանագիրներ, որոնք կը նշեն, թէ անոնք պէտք է խորհուրդ տան գաւառապետներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետներուն եւ թաղապետներուն` մերժելու որեւէ տեսակի նուիրատուութիւն, որ կապուած է սուրիացի տեղահանուածներուն եւ Լիբանանի մէջ անոնց կեցութիւնը...

Վարչապետի Նշանակման Առումով  Ներքին Եւ Արտաքին Խորհրդակցութիւններ

Արեւմտեան Աղբիւրներ Կը Շեշտեն Ֆրանսական Եւ Քաթարեան Միջնորդական Նախաձեռնութիւններուն Շարունակութիւնը

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով ֆրանսական եւ քաթարեան միջնորդական նախաձեռնութիւններուն շարունակութիւնը: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան, իսկ քաթարեան կողմը պիտի չկասեցնէ իր փորձերը, մինչեւ որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով կարելի ըլլայ բեկում մը ստեղծել: Արեւմտեան այս աղբիւրները յայտնեցին, որ Ֆրանսա լուրջ մտահոգութեամբ...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Աշխատելու Արցախահայութեան Տունդարձին Ուղղութեամբ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Աշխատելու Արցախահայութեան Տունդարձին Ուղղութեամբ

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչներուն, երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակումն ու անոր հետեւանքները: Ժողովէն ետք Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական...

Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց իր Նիւ Եորք այցելութիւնը եւ հանդիպումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ: Վրոնեցքա նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի եւ Լիբանանի միջեւ դրական յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու միջոցները: Վրոնեցքա նաեւ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, Միջազգային դրամական...

Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ Կը Շարունակեն  Զօրակցիլ Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան

Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ Կը Շարունակեն Զօրակցիլ Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան

Արցախի հայաթափումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած ցեղային զտման արարքին մասին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ ու պետական անձնաւորութիւններ շարունակեցին իրենց զօրակցական կեցուածքները հայ ժողովուրդին ու լիբանանահայութեան` դատապարտելով Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական արարքներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը: Այս բաժինով կ՛անդրադառնանք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներուն: Զօր. Ալի Հաժ. «Կը Զօրակցինք Հայ Ժողովուրդին Եւ Հայ Դատին» Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար...

Դիւանագէտ Շանթ Վարդանեան Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Դիւանագէտ Շանթ Վարդանեան Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական կազմէն Շանթ Վարդանեան հասաւ Տոհա ուր ստանձնց լիբանանեան դեսպանատան մօտ իր նոր պաշտօնը: Վարդանեան նշանակուած է իբրեւ դեսպանի փոխանորդ եւ Քաթարի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան փոխնախագահ, հիւպատոս:

Մաուլաուի. «Նոյնքան Յանձնառու Ենք  Լիբանանի Մէջ Գտնուող Արաբներուն  Անվտանգութեան, Ինչպէս Լիբանանցիներուն»

Մաուլաուի. «Սուրիացիները Լիբանանի Մէջ Մեծ Թիւով Ոճիրներ Կը Գործեն, Եւ Անոնց Ամէնուրեք Ներկայութիւնը Պիտի Չարտօնենք»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով ոճիրներ կը գործուին սուրիացիներուն կողմէ: Մաուլաուի հաստատեց, որ գործուած տարօրինակ եւ այլանդակ ոճիրներուն 30 առ հարիւրը կը գործուին սուրիացիներու ձեռամբ` աւելցնելով, որ այս կացութիւնը փոխելու համար պէտք է համագործակցիլ իրարու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել լիբանանցիներուն միջավայրը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիրներ յղեց Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ նախագահներ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Պաշշար Ասատի` շնորհաւորելով հոկտեմբերի ազատագրական պատերազմներուն յիսնամեակը: Պըրրի զոյգ երկիրներու ղեկավարներուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Ֆոնթոլաքին. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-յունական երկկողմանի...

Միքաթի Լիբանանեան Համալսարանին  Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Հալապիի Հետ

Միքաթի Լիբանանեան Համալսարանին Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Հալապիի Հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին` ընկերակցութեամբ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պատրանի եւ համալսարանի դասախօսներու մէկ պատուիրակութեան` գլխաւորութեամբ դոկտ. Անթուան Շարպելի: Հանդիպումէն ետք Հալապի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող հարցերը, յատկապէս համալսարանի վերամուտին կապուած մարտահրաւէրները` երաշխաւորելու համար համալսարանական ուսման բնականոն տարի մը, որուն ընթացքին Լիբանանեան համալսարանի...

Պրիւքսելի Մէջ.  «Լիբանանի Վիճակը Պիտի Վատթարանայ,  Եթէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Տունդարձը Չապահովուի»  Շեշտեց Պու Հապիպ

Պու Հապիպ. «Սուրիոյ Տագնապին Հանդէպ Տարբեր Երկիրներու Կեցուածքները Կը Մնան Նոյնը, Եւ Մենք Պիտի Սերտենք Այլընտրանքները»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կողմէ կազմուած նախարարական յանձնախումբին առնելիք քայլերուն` ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով Սուրիոյ հետ գործակցութեան: Այս մասին Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած է սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ֆայսալ Մքտատի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պասսամ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Նախագահական  Ընտրութեան Առումով Նորութիւն Չկայ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Նորութիւն Չկայ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրուան առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ  շնորհաւորութիւններ փոխանցեց բոլորին: Ան բարձր գնահատեց Եմէնի մէջ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրուան առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութիւնները, միւս կողմէ դատապարտելով Փաքիստանի մզկիթները թիրախաւորած պայթումները, որոնք հաւատադրժողական ահաբեկչութեան արարքներն են: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ մարդ արարածը նսեմացնելու բոլոր փորձերուն, որոնցմէ են միասեռականութիւնն ու մարդու անասնականութիւնը: Ան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով եւ  պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն...

Page 243 of 987 1 … 242 243 244 … 987

Արխիւներ