Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Խաթիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ նախաձեռնած էր լուծել Լիբանանի նախագահական ընտրութեան բարդ տագնապը, եւ մաղթեց, որ անոնց ջանքերը կը նպաստեն, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ լուծել լիբանանեան քաղաքական տագնապը:
Խաթիպ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան հարցը հիմնականին մէջ համայնքային վարչակարգին հետ կապուած է եւ մարդ արարածին հանդէպ վիրաւորանք է: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները եղբայր են եւ անոնց միջեւ թշնամանք գոյութիւն չունի:
Խաթիպ շեշտեց, որ սիոնական գոյացութիւնն է շրջանի բոլոր տագնապներուն պատասխանատուն` աւելցնելով, որ այդ գոյացութիւնն է, որ պաղեստինցիները անոնց հողէն բռնագաղթի ենթարկեց եւ անոնց դէմ սպանդներ գործեց: «Հետեւաբար, եթէ պաղեստինեան դատը արդար լուծում չգտնէ, ապա շրջանը կայուն պիտի չդառնայ», ըսաւ ան:
Խաթիպ օտար պետութիւնները պատասխանատու նկատեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուած սպանդներուն եւ ահաբեկչութեան:
«Օտար պետութիւններէն պահանջուածը այն է, որ անոնք Պաղեստինեան հարցը արդար կերպով դատեն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ արաբներն ու իսլամները կը ձգտին Արեւմուտքի եւ Եւրոպայի հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները ունենալ», ըսաւ ան: