Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոեն Վերվաքը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Իվ Ժանսենը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, լիբանանեան-պելճիքական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հողերուն վրայ տիրող կացութիւնը, հարաւային Լիբանանի ապահովական իրավիճակն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր:
Սլիմ խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները, եւ շեշտեց, որ միջազգային հասարակութենէն կը պահանջուի ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու համար պաղեստինցիներուն դէմ կատարած իր սպանդներն ու բռնարարքները:
Սլիմ հաստատեց, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը անկարելի է իրականացնել, բացի երբ միջազգային որոշումներու գործադրութեան հանդէպ յանձնառութիւն կայ:
Սլիմ ընդգծեց նաեւ, որ օրական դրութեամբ Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան յարձակումները պէտք է վերջ գտնեն` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ մնայուն համագործակցութեան մէջ է` պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի իրաւունքին մասին քննարկումներուն շրջագիծին մէջ Սլիմ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին այս իմաստով իր մօտեցումը բարեփոխելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որ տեղահանուածները վերադառնան Սուրիոյ ապահով վայրերը, ուր ստանան օժանդակութիւն:
Սլիմ անհրաժեշտ նկատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումին հետ չկապուի:
Պաղեստինեան դատին մասին Վերվաք յայտնեց, որ միակ լուծումը երկու պետութիւններու կերտումն է` յանգելու համար արդար խաղաղութեան:
Վերվաք հաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական մագլցումները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վերվաք հաստատեց, որ անիկա կախեալ է շարք մը պայմաններէ եւ ազդակներէ, որոնք ներկայիս առկայ չեն: