«Սարայա Քուտս» Ստանձնեց Լիբանանէն Իսրայէլ
Թափանցելու Գործողութեան Պատասխանատուութիւնը
Մինչ Կազայի մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ Համասի յայտարարած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը կը շարունակուի, Իսրայէլ կը շարունակէ Կազան ու անոր բնակիչները ռմբակոծումի թիրախ դարձնել, ինչպէս նաեւ կ՛որոշէ ամբողջական շրջափակումի տակ առնել շրջանը:
Այս բոլորին կողքին սակայն, իսրայէլեան օդուժը շարունակեց թռիչքներ գործել հարաւային Լիբանանի վերեւ, երէկ առաւօտեան եւ յատկապէս յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, երբ իսրայէլեան աղբիւրներու կողմէ յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանէն վերին Գալիլիոյ եւ Ժապալ Շէյխի ուղղութեամբ 12 հրթիռներ արձակուած են:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ զգուշացման շչակները միացուած են` բնակեցման վայրի բնակիչները տեղեակ պահելու համար հրթիռներ իյնալու հաւանականութենէն:
Քանի մը վայրկեան ետք, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ եւ Հերմոնի վերեւ շարք մը հրթիռներ վնասազերծուեցան, եւ իսրայէլեան շրջաններուն մէջ հրթիռներ իյնալու եւ վիրաւորներ արձանագրուելու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն արձանագրուեցաւ:
Շուրջ կէս ժամ ետք իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանէն Իսրայէլի դէմ արձակուած հրթիռներու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, սակայն անհասկնալի է, թէ զգուշացման շչակները ինչո՞ւ միացուած են:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հերքեց Լիբանանէն հրթիռարձակումի լուրը` հաստատելով, որ նման հաղորդումներ թշնամի Իսրայէլի խոցելի իրավիճակը կը պարզեն:
Կէսօրէ ետք շուրջ 3:30-ին, իսրայէլեան ուժերու բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իրենց հասած են տեղեկութիւններ, թէ Լիբանանի սահմաններէն դէպի Իսրայէլ թափանցումի փորձեր կատարուած են:
Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան ուժերը տեղակայուած են սահմանային շրջանին մէջ եւ կը հսկեն իրենց երկրի սահմաններուն ապահովութեան:
Ատրահիի կատարած յայտարարութենէն վայրկեաններ ետք, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ սահմանին վրայ զինեալ բախումներ արձանագրուած են իսրայէլեան ուժերուն եւ Լիբանանի կողմէ սահմանային փշաթելերը պայթեցնող զինեալներու միջեւ:
Ապա իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը սպաննած են Լիբանանէն Իսրայէլ թափանցել փորձող երկու անձեր, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռներով կը փնտռեն միւս երկուքը, որոնք կորսուած են:
Ատրահի իր կարգին հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը սպաննած են Լիբանանէն Իսրայէլ թափանցել փորձած երկու անհատներ, ինչպէս նաեւ միւս երկուքը փնտռելու ընթացքին կը ռմբակոծեն լիբանանեան կարգ մը շրջաններ:
Կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Տահիրա, Մըրուահին, Պէյթ Լիֆ, Ռմէյշ եւ Այթա Շաապ գիւղաքաղաքները, իսկ մերթ ընդ մերթ լսուեցան կրակոցներ:
Իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին նաեւ Պընթ Ժպէյլի մէջ գտնուող հսկողութեան աշտարակ մը, որ կը պատկանէր Հըզպալլային:
Նշենք, որ Հըզպալլայի պատասխանատու մը թափանցումի գործողութենէն անմիջապէս ետք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաստատեց, որ Հըզպալլա դէպի Իսրայէլ թափանցումի գործողութիւն մը չէ կատարած:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին պաղեստինեան «Սարայա Քուտս» խմբաւորումը ստանձնեց հարաւային Լիբանան-բռնագրաւուած Պաղեստին սահմանին վրայ յետմիջօրէին կատարուած գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, դէպի Իսրայէլ թափանցումի գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած են 6 իսրայէլացի զինուորներ, որոնցմէ մէկը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հարաւային Լիբանանի Տահիրա, Այթա Շաապ, Մըրուահին եւ սահմանային այլ գիւղաքաղաքներ օդային եւ թնդանօթային ռմբակոծումի կ՛ենթարկուին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ:
Բանակը կոչ ուղղեց քաղաքայիններուն զգուշանալու եւ սահմանային շրջաններ չուղղուելու:
Հարաւային Լիբանանի ռմբակոծումի թիրախ դառնալուն պատճառով մեծ թիւով հարաւի քաղաքայիններ լքեցին իրենց բնակարանները եւ ուղղուեցան լիբանանեան այլ շրջաններ, իսկ Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի բոլոր դպրոցները յայտարարեցին, թէ այսօր իրենց դռները փակ պիտի պահեն:
Կէս ժամ տիրած զգուշաւոր լռութենէ ետք, ժամը 6:30-ին, իսրայէլեան ռմբակոծումները շարունակուեցան Մըրուահինի մօտակայքը: Թշնամի ուժեր ֆոսֆորային հրթիռներով ռմբակոծեցին հարաւը, իսկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով Հըզպալլայի մարտիկ մը զոհուած է:
Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան օդուժը դարձեալ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Մեթնի, Լեռնալիբանանի, Ժիպէյլի եւ կարգ մը լիբանանեան այլ շրջաններու վերեւ:
Նախանցեալ երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի երկայնքին գտնուող Շթուլայի բնակեցման վայրին մօտ արձանագրուեցաւ զինեալ միջադէպ մը, որուն մասին սիոնական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ անիկա սխալմամբ արձանագրուած զինեալ միջադէպ մըն է իսրայէլեան երկու խմբաւորումներու միջեւ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Շթուլայի մօտ իսրայէլեան ուժեր կասկածած են, թէ լիբանանեան սահմաններէն ներթափանցում մը արձանագրուած է, եւ այս պատճառով զօրաշարժի ենթարկուած են, սակայն ի վերջոյ ի յայտ եկած է, որ ներթափանցում գոյութիւն չունի, եւ միջադէպը իսրայէլացի զինուորներուն միջեւ արձանագրուած է:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի միջազգային, արաբական եւ տեղական շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընդմէջէն հետեւեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ ստացաւ շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` տարբեր երկիրներու նախագահներէ եւ վարչապետներէ:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանել, ինչպէս նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծը խաղաղ ու հանդարտ պահել` յանձնառու մնալով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ պէտք է լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ գործուող իսրայէլեան յարձակումները կասեցուին, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերը հեռանան բռնագրաւուած լիբանանեան տարածքներէն:
Միքաթի ընդգծեց, որ իր կատարած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Լիբանանի բարեկամ երկիրները խորհուրդ տուած են Լիբանանը զերծ կացուցել պաղեստինեւիսրայէլեան բախումներէն ու անոնց հետեւանքներէն:
Միքաթի հաստատեց, որ նման իրադարձութիւններու պարագային նախագահական ընտրութեան կայացումը աւելի առաջնահերթ կը դառնայ: Ան կոչ ուղղեց կասեցնելու լիբանանեան քաղաքական լարուածութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանին կը սպառնան շարք մը վտանգներ:
«Շրջանին դիմագրաւած այս ծանր ու զգայուն պայմաններուն ընթացքին, ներլիբանանեան լարուածութիւնն ու երկփեղկումը անընդունելի է եւ անհանդուրժելի»:
Անդրադառնալով պաղեստինեան թղթածրարին` Միքաթի յայտնեց, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուածը պաղեստինցիներուն դէմ թշնամի Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան արդիւնքն է` նշելով, որ պաղեստինցիներուն պահանջները իրաւացի են:
Միքաթի ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Կազայի մէջ տիրող կացութեան մասին Արաբական լիկայի գումարելիք արտակարգ ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Գահիրէի մէջ:
Պու Հապիպ Միքաթիի հետ քննարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու դէպի Սուրիա իր կատարելիք այս ամսուան այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Լիբանան չներքաշուի ընթացող պատերազմին մէջ` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Միքաթի մեծ թիւով հաղորդակցութիւններ կը կատարէ: «Միջազգային բոլոր ուժերն ու երկիրները կոչ կ՛ուղղեն Լիբանանի չներքաշուելու պատերազմին մէջ, եւ այս է նաեւ Լիբանանի կեցուածքը», ըսաւ Պու Հապիպ:
Նշենք, որ Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Ան վերստին ցաւակցութիւն յայտնեց Մըքտատին` Հոմսի սպայից վարժարանին դէմ ռմբակոծումին պատճառած սպանդին նահատակներուն համար:
Քննարկուեցան նաեւ Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին վերաբերող հարցերն ու Պու Հապիպի Սուրիա այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք չէ ընդարձակէ Կազայի եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ Համասի դէմ ընթացող պատերազմը:
Ան շեշտեց, որ Կազայի մէջ արձանագրուած պայթումը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ անոր պատճառը Իսրայէլի կողմէ մնայուն կերպով պաղեստինցիներուն դէմ գործուած ոճիրներն ու բռնարարքներն են:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Հըզպալլայէն խոստում ստացած է չներքաշուելու պատերազմին մէջ, բացի եթէ Իսրայէլ գրգռութիւններ կատարէ:
Ան նշեց, որ իրադարձութիւններուն մասին Լիբանանի կեցուածքը համահունչ է արաբական «հուժկու» կեցուածքներուն` ընդգծելով նաեւ, որ Հըզպալլա շրջանային հարց է եւ ոչ թէ զուտ լիբանանեան, որուն լուծումը Լիբանանի կառավարութեան մօտ չի գտնուիր:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը այս նպատակով ուշ կամ կանուխ պիտի կատարուի:
Պու Հապիպ խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու բաժանմունքին ունեցած դերակատարութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առնչութեամբ` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ անոնց թիւը հասած է երկու միլիոնի, այլ խօսքով` Լիբանանի բնակչութեան կէսին: Ան նշեց նաեւ, որ հոս պէտք է նկատի ունենալ մէկուկէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականները:
Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ահմետ Ապտել Հատի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը շրջանը փոխադրած է դէպի այլ տեսարան` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ կռահել, թէ շրջանին մէջ ի՛նչ իրավիճակ պիտի պարզուի:
Ապտել Հատի յայտնեց, որ այս դատը վերածուած է դիմադրութեան առանցքին եւ անոր ընդդիմադիր առանցքին միջեւ հարցի` աւելցնելով, որ պատերազմի դաշտը պիտի ճշդէ այն պատասխանները, որոնք պէտք է տրուին իսրայէլացիներուն` նկատի ունենալով սիոնական գոյացութեան ընթացքը:
Ան շեշտեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ միջամտութիւններու մասին, որովհետեւ այժմ խօսքը զինուորական գործողութիւններուն կը պատկանի:
Իր կարգին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը հսկեն սահմանային Կապոյտ գիծին կայունութեան` աւելցնելով, որ անոնց շրջուն ջոկատները պատրաստ են տեղակայուելու` մեղմացնելու համար տիրող սահմանային լարուածութիւնը:
Յետմիջօրէին արձանագրուած սահմանային ռմբակոծումներէն եւ բախումներէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը Լիբանանի հարաւարեւմտեան շրջանի Պուսթան գիւղաքաղաքին մօտակայքը արձանագրած են պայթումներ:
«Մինչ մենք յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փորձենք ապահովել արձանագրուած պայթումներուն մասին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ կապ կը հաստատէ բոլոր կողմերուն հետ` մղելով զանոնք ինքնազսպումի դիմելու, ինչպէս նաեւ կ՛օգտագործէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն յատուկ համագործակցելու կապերը` կանխարգիլելու համար յաւելեալ մագլցում եւ մահեր:
Պէտք է աւելցնել, որ զօր. Լասարօ երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցաւ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը:
Երեկոյեան զօր. Աուն այցելեց վարչապետարան, ուր Միքաթիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը եւ զայն տեղեակ պահեց տիրող կացութեան մասին:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Պէյրութի մէջ ապրող իր քաղաքացիներէն պահանջեց զգուշանալ, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ տիրող կացութիւնը տակաւին կը մնայ անբացատրելի:
Ամերիկեան դեսպանատան զգուշացումը Լիբանանի մէջ իր քաղաքացիներուն կողքին ներառեց նաեւ Կիպրոսի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի իր քաղաքացիները:
Ամերիկեան դեսպանատունը ընդգծեց, որ ամերիկացի քաղաքացիները պէտք է հետեւին տեղւոյն կառավարութեան խորհուրդներուն` նկատի ունենալով իրենց ապահովութիւնը:
Անոնք պէտք է զգուշանան ցոյցերու միանալէ եւ միշտ հետեւին տեղական լրատուամիջոցներուն` իմանալու համար տիրող կացութեան մասին:
Որեւէ օժանդակութեան պարագային ամերիկացի քաղաքացիները պարտին հեռաձայնել ամէնէն մօտիկ ամերիկեան դեսպանատունը կամ հիւպատոսարանը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կուսակցութիւններ կեցուածքներ արտայայտեցին պաղեստինեւիսրայէլեան պատերազմին, ինչպէս նաեւ այս պատերազմին մէջ Հըզպալլայի ներքաշուելուն մասին:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ողջունեց «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան հերոսները` հաստատելով, որ խօսքերը բաւարար չեն նկարագրելու համար Պաղեստինի քաջարի զաւակներուն սխրագործութիւնները:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա յայտնեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը արդիւնք է պաղեստինեան իրաւունքի շահագործումի իրականութեան, ինչպէս նաեւ կ՛արտացոլէ ժիհատի օրինականութիւնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, անդրադառնալով պաղեստինեւիսրայէլեան պատերազմին, յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն, որ սիոնական ժամանակաւոր այս գոյացութիւնը վերանայ եւ մարդկութեան դէմ իր պարտադրած լուծը վերջ գտնէ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հըզպալլա Իսրայէլի հետ նոր ճակատ մը բանալու կարիք չունի այսօր, որովհետեւ կայ պաղեստինցի հզօր ու արիասիրտ ժողովուրդ մը, որ իր ամբողջ ուժով կը կռուի:
«Վերանորոգում» երեսփոխանական պլոքը մերժեց Լիբանանը ուղղակի կամ միջնորդաբար ներքաշել հրապարակները միասնականացնելու տարազին մէջ եւ պատճառ դառնալ, որ պաղեստինեւիսրայէլեան պատերազմը հասնի նաեւ Լիբանան:
Փոփոխութեան երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ եւս Իսրայէլի դէմ ճակատ բանալու որոշումը լիբանանեան պետութեան կը վերաբերի:
Փոփոխութեան երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ ո՛չ Հըզպալլան եւ ո՛չ ալ Իրանը իրաւունք ունին Լիբանանը մղելու դէպի պատերազմի բոցերը` ծառայելու համար շրջանային նպատակներու:
Լիբանանի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ կարմիր գիծին հասնի, ապա իրենք պաղեստինեան դիմադրութեան պիտի զօրակցին:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց Լիբանանը հեռու պահելու պաղեստինեւիսրայէլեան պատերազմէն, որովհետեւ անոր ներուժը անբաւարար է: