Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ Զգուշացուց Թաէֆի Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Արկածախնդրութենէն

Հոկտեմբեր 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ դասախօսութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան պետութեան եւ Լիբանանի մէջ համայնքային տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու անհրաժեշտութեան:

Թաէֆին յանձնառու մնալու կարեւորութեան շրջագիծին մէջ ան նկատել տուաւ, որ 1975-1989 արձանագրուած դէպքերը եւ տիրող անհաւասարակշիռ իրավիճակը չէին արտօներ պետութեան նոր կառոյց մը շինել, այլ` կ՛ուղղէին դէպի ներքին լիբանանեան տագնապներու խորացում, «սակայն Թաէֆի համաձայնագիրը հաստատեց տագնապներէն եւ պատերազմներէն դուրս գալու ճամբու ուղեգիծը` երկրին ընծայելով պետականաշինութեան առիթ: Իսկ 2003-ին Միացեալ Նահանգներ ներխուժեցին Իրաք, որմէ ետք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնն էր, եւ անոր յաջորդեց սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը, միաժամանակ արաբական եւ շրջանային համակարգին մէջ Իրանի ներթափանցումն ու հզօր կերպով ինքզինք շրջանին վրայ պարտադրելու իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ նկատի ունենալով, որ Լիբանան մաս կը կազմէ շրջանային այս համակարգին, անոր վրայ կ՛ազդեն հիմնական երկու տագնապներ արաբեւիսրայէլեան ու իրանեան-արեւմտեան տագնապները, որոնք իրարու հետ առնչուած են:

«Այդ տագնապներուն գինը դարձեալ չվճարելու համար, պէտք է կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, որ դէպի կայունութիւն առաջնորդող ուղեգիծ մըն է, եւ որ պէտք է գործադրուի, իսկ անոր մէջ նշմարուած խախուտ կէտերը պէտք է սրբագրուին ժողովրդավարական եւ ազգային ոգիով: Եթէ Լիբանան դուրս գայ Թաէֆի համաձայնագիրէն, ապա ան ենթակայ պիտի ըլլայ յաւելեալ ցնցումներու, որոնք կրնան շատ աւելի ուժգին ըլլալ, քան` նախորդները», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը առկայ միակ համաձայնագիրն է, որ կրնայ երաշխաւորել ազգային ոգիի ամրապնդումը, լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան հաւանականութիւնը:

Ան անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ սիւննի համայնքին բացակայութեան` հաստատելով, որ այդ համայնքին դերակատարութեան բացակայութիւնը ցնցած է Լիբանանի ազգային կեանք: Ան մաղթեց, որ երկրին մէջ սիւննի համայնքին դերակատարութիւնը կը վերաշխուժանայ:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին, երբ ազգային կայունութիւն չկայ, պէտք է զգուշանալ Թաէֆի համաձայնագիրէն դուրս գալու արկածախնդրութենէն:

«Մենք չենք կրնար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը կասկածի տակ առնելով զայն բաժանումի ենթակայ դարձնել: Եթէ կորսնցնենք լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, ապա կորսնցուցած կ՛ըլլանք պատգամ Լիբանանի իրողութիւնը, որ յայտարարուած էր Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին կողմէ», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան ո՛չ բաժանումի եւ ո՛չ ալ բնակեցումի երկիր է` ընդգծելով պաղեստինցի գաղթականներու եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Պաղեստինեան Դիմադրութեան Աննախընթաց «Աքսայի Ջրհեղեղ» Գործողութիւնը Ցարդ Պատճառեց Առնուազն 700 Զոհ

Յաջորդը

«Էլ. Պի. Սի. Այ.»-էն Լրագրողական Խումբ Մը Մեկնեցաւ Հայաստան

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?