Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Քոուելի Հետ Քննարկեց Կազայի Եւ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

October 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց Կազայի եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Բրիտանիոյ դեսպանը հաստատեց Լիբանանի կողմէ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապէն հեռու մնալու եւ այդ պատերազմին մէջ չներքաշուելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` զգուշացնելու համար իր քաղաքացիները Լիբանան ուղղուելէ, բացի շատ անհրաժեշտ պարագաներու:

Բրիտանիոյ դեսպանատունը խորհուրդ տուաւ նաեւ հարաւային Լիբանան չուղղուելու:

Դեսպանատան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ պէտք է զգուշանալ Նաքուրա-Սուր-Սայտա-Պէյրութ մայրուղին օգտագործելէ, ինչպէս նաեւ խորհուրդ կու տայ չայցելել Պաալպեք, Հերմել, Արսալ, Ռաս Պաալպեք, Քաա, Լապուէ եւ Նահլէ շրջանները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մօտակայ պաղեստինեան գաղթակայանները, որովհետեւ կացութիւնը կրնայ առանց ազդանշանի վատթարանալ:

Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Քաթարի կողմէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով տրամադրուելիք օժանդակութիւնն ու Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումները:

Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տիրող իրավիճակին:

Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ Վրոնեցքային ներկայացուց Նիւ Եորք կատարած իր վերջին այցելութեան արդիւնքները:

Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Վոնթոլաքին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով դիւանագիտական իր առաքելութեան աւարտը:

 

 

Նախորդը

Սլիմ. «Միջազգային Հասարակութենէն Կը Պահանջուի Ճնշում Բանեցնել Իսրայէլի Վրայ»

Յաջորդը

Խաթիպ. «Օտար Պետութիւնները Պատասխանատու Կը Նկատենք Պաղեստինցիներուն Դէմ Գործուած Սպանդներուն Եւ Ահաբեկչութեան»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.