Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Մնաց Հանդարտ.  Քոլոնա. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները  Ամէն Ջանք Ի Գործ Պէտք Է Դնեն Իսրայէլի Հետ  Պատերազմէն Խուսափելու»

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Մնաց Հանդարտ. Քոլոնա. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները Ամէն Ջանք Ի Գործ Պէտք Է Դնեն Իսրայէլի Հետ Պատերազմէն Խուսափելու»

Հակառակ անոր որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան շրջագիծին մէջ Կազայի ապահովական մագլցումները կը շարունակուին, երէկ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը մնաց հանդարտ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ իսրայէլեան ուժեր իրենց բնակչութենէն դատարկեցին լիբանանեան սահմանագիծին մօտակայ 28 բնակեցման վայրեր: Երեկոյեան ժամը 4:45-ին Տահիրայի մէջ լսուեցան գնդակոծումներ` իսրայէլեան ուժերուն պատկանող տեսախցիկի մը քանդումին պատճառով: Իսրայէլեան ուժեր արձակեցին հրթիռ մը, որ ինկաւ լիբանանեան բանակին պատկանող զինուորական կեդրոնին...

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանին  Եւ Յանձնախումբերուն Ընտրութեան Նիստին

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանին Եւ Յանձնախումբերուն Ընտրութեան Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր` երեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանին ու յանձնախումբերուն ընտրութեան նիստին: Սահմանադրութեան թիւ 44 յօդուածին եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 3 յօդուածին հիման վրայ պիտի ընտրուին խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 19 յօդուածին հիման վրայ պիտի ընտրուին խորհրդարանական յանձնախումբերը: Միւս կողմէ, Պըրրի նախանցեալ...

Մանսուրիէի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ.  Կարելի Եղաւ Փրկել Երեք Քաղաքացիներ

Մանսուրիէի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ. Կարելի Եղաւ Փրկել Երեք Քաղաքացիներ

Մանսուրիէի Պատրան թաղամասին մէջ գտնուող եօթը յարկանի «Եազպեք 10» շէնքը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին փուլ եկաւ տեղացող տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով: Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, շէնքին բնակիչները երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 10:00-ին լսած էին ճաքճքելու ձայներ: Դէպքին վայրը փութացին Ներքին ապահովութեան ուժերը, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու լիբանանեան Կարմիր խաչը, որոնք անմիջապէս սկսան փրկարար աշխատանքներուն: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կրցան փլատակներուն տակէն փրկել...

13 Հոկտեմբերի Զոհերու  Յիշատակին Նուիրուած Ս. Պատարագ.   «Անոնք, Որոնք Կը Կարծեն, Թէ Գործարքները Կամ  Արտաքին Դէպքերը Կրնան Մեր Վրայ Հանրապետութեան  Նախագահ Պարտադրել, Ապա Անոնք Կ՛երազեն»  Շեշտեց Պասիլ

13 Հոկտեմբերի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ս. Պատարագ. «Անոնք, Որոնք Կը Կարծեն, Թէ Գործարքները Կամ Արտաքին Դէպքերը Կրնան Մեր Վրայ Հանրապետութեան Նախագահ Պարտադրել, Ապա Անոնք Կ՛երազեն» Շեշտեց Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, նախանցեալ յետմիջօրէին Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ մը` 13 հոկտեմբերի զոհերու յիշատակին: Ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ կուսակցական պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով համակիրներ: Ս. պատարագին նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, որ Ռայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանագիծին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն վրայ գործուող իսրայէլեան յարձակումները: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Ենթակայ  Կը Մնայ Իսրայէլեան Բուռն Ռմբակոծումի

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Ենթակայ Կը Մնայ Իսրայէլեան Բուռն Ռմբակոծումի

Հըզպալլա Հակահրասայլային Հրթիռներով Կը Թիրախաւորէ Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքեր Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ զինուորական սահմանափակ եւ չափաւոր ռազմական գործողութիւններու վկան` ստեղծելով իրավիճակ մը, որ աւելի քան զինեալ բախում է եւ նուազ քան պատերազմ: Երէկ առաւօտեան Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը յայտնեց, որ իր մարտիկներէն Մուժահետ Հիւսէյն Քամալ Մասրի նահատակուած է` ժիհատի իր պարտականութեան ընթացքին: Նոյն ընթացքին, այսինքն` առաւօտեան ժամը 10:00-ին,...

Ապտոլլահեան. «Իսրայէլեան Բռնարարքներուն  Շարունակուելուն Պարագային Զերօ Ժամի  Յայտարարութիւնը Դիմադրութեան Վերապահուած Է»

Ապտոլլահեան. «Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Շարունակուելուն Պարագային Զերօ Ժամի Յայտարարութիւնը Դիմադրութեան Վերապահուած Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան շաբաթ կէսօրէ առաջ Պէյրութի իրանեան դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ օր մը առաջ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքներուն: Ապտոլլահեան շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնարարքներուն շարունակուելուն պարագային զերօ ժամի յայտարարութիւնը Դիմադրութեան վերապահուած է եւ անոր հայեցողութեան ձգուած: Ան դիտել տուաւ,...

Դատապարտում

Դատապարտում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակը դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող լրագրողներուն կեդրոնը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քայլը: Գրասենեակը լիբանանեան մամուլին յղած դատապարտանքի գիրին մէջ նշեց. «Վերջին օրերուն ընթացքին պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի գործած մարդկութեան դէմ ոճիրներէն ետք, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին կարգ մը լրագրողներ, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին հարաւային Լիբանանի մէջ: Այդ արարքին նպատակն էր լռեցնել տեղեկատուութեան մարզը,...

Հարաւային Սահմանագիծին Ապրած Համեմատաբար  Խաղաղ Օրը Վերածուեցաւ Բուռն Ռմբակոծումներու

Հարաւային Սահմանագիծին Ապրած Համեմատաբար Խաղաղ Օրը Վերածուեցաւ Բուռն Ռմբակոծումներու

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լրագրողներու Խումբ Մը. «Ռոյթըրզ»-ի Լուսանկարիչ-Լրագրողը` Զոհ Ռմբակոծումի Երէկ երեկոյեան իսրայէլեան բանակը թիրախաւորեց լրագրողներու խումբ մը, որ կը գտնուէր լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանին վրայ Ալմա Շաապ շրջանին մէջ: Ռմբակոծման պատճառով զոհուեցաւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլա, իսկ կարգ մը այլ լրագրողներ վիրաւորուեցան: Անոնց շարքին էին լրագրողներ Քարմէն Ժուխատար, Էլի Պրախիա եւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը: Վեց գիշեր շարունակ հարաւային...

Պու Հապիպ Մտահոգութիւն Յայտնեց  Շրջանային Պատերազմի Մը  Հաւանականութեան Մասին

Պու Հապիպ Մտահոգութիւն Յայտնեց Շրջանային Պատերազմի Մը Հաւանականութեան Մասին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ  Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սալեմ Ապտալլա Ժապեր Սապահի, Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթաֆի, Մարոքի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Պուրիթայի, Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի, ինչպէս նաեւ Եմէնի արտաքին գործոց նախարար...

Ապտոլլահեան. «Մեզի Համար Կարեւորը  Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումն Է.  Այս Է Այցելութեանս Նպատակը»

Ապտոլլահեան. «Մեզի Համար Կարեւորը Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումն Է. Այս Է Այցելութեանս Նպատակը»

Մինչ Կազայի մէջ իսրայէլեան սպանդները կը շարունակուին, իսկ պաղեստինեան «Համաս»-ը կը շարունակէ «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութիւնը, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ հասաւ Լիբանան: Ապտոլլահեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի, երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ...

Կութիերես. «Տնտեսական Եւ Ապրուստի  Ծանր Պայմանները Ապահովական Վտանգ  Կը Սպառնան Լիբանանին»

Կութիերես. «Տնտեսական Եւ Ապրուստի Ծանր Պայմանները Ապահովական Վտանգ Կը Սպառնան Լիբանանին»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղեց թիւ 1559 բանաձեւին մասին իր կիսամեայ տեղեկագիրը, որ 2004-էն ի վեր 38-րդ տեղեկագիրն է, որուն մէջ կը ներկայացուի Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Կութիերես յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ տակաւին կան որոշումներ, որոնք չեն գործադրուած` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան եւ ոչ լիբանանեան զինեալ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 57.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 57.000 լ. ոսկիով, մազութը` 21.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է...

Միքաթի. «Ոչ Ոքի Դէմ Մարտահրաւէր Կարդալու Ելած Եմ, Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ  Կարելի Չէ Նշանակել, Իսկ Մարոնի  Պատրիարքութեան Հետ Ներկայիս Կապ Չկայ»

Ապտոլլահեան Պիտի Այցելէ Լիբանան. Միքաթի Ազդեցիկ Քաղաքական Ուժերուն Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան երէկ սկսաւ շրջանային երկիրներու շրջապտոյտի մը, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ Լիբանանը: Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի իր պաշտօնակից Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆէն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները: Անոնք քննարկեցին...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Կապոյտ  Գիծը Գրեթէ Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Մնաց Հանդարտ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Կապոյտ Գիծը Գրեթէ Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Մնաց Հանդարտ

Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր, երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ հանդարտութիւնը եղաւ երկարատեւ: Նախանցեալ երեկոյեան ժամը 6:30-ին Իսրայէլի կողմէ արձակուած լուսաւորող ռումբերէն ետք ոչ մէկ հրթիռարձակում արձանագրուեցաւ Կապոյտ գիծի սահմանին երկայնքին: Երէկ կէսօրին լսուեցան կրակոցներ, իսկ յետմիջօրէի ժամը շուրջ 4:30-ին Խիամի մէջ լսուեցան ուժգին պայթում մը, որմէ անմիջապէս ետք յայտնուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր հրթիռարձակում մը կատարած...

Պու Հապիպ. «Լիբանան Պատերազմ  Չի Ցանկար Այլ` Հարցերու Լուծման Կը Ձգտի»

Պու Հապիպ. «Լիբանան Պատերազմ Չի Ցանկար Այլ` Հարցերու Լուծման Կը Ձգտի»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ  Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան միշտ կը զօրակցի պաղեստինցի իր եղբայրներուն, որոնք Կազայի մէջ են այսօր եւ շրջափակուած ու ծանր պայմաններու տակ կը գտնուին: Ան կոչ ուղղեց մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր երկիրներուն երաշխաւորելու այն միջոցները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, որպէսզի սահմանադրութեան թիւ 44 յօդուածին եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 3 յօդուածին հիման վրայ ընտրուին խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանները Կը Շարունակեն  Մնալ Իսրայէլեան Հրետանիին Կիզակէտը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանները Կը Շարունակեն Մնալ Իսրայէլեան Հրետանիին Կիզակէտը

Հըզպալլա Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Կը Պատասխանէ Թիրախաւորուած Գործողութիւններով Համասի կողմէ մեկնարկուած «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութեան 5-րդ օրն ըլլալով, երէկ Լիբանան շարունակեց զգալ Կազայի մէջ սաստկացած այդ պատերազմին հետեւանքները: Հակառակ այն իրողութեան, որ նախորդող օրերուն ընթացքին ընդհանրապէս երեկոյեան ժամերուն եւ ուշ գիշերին կը կատարուէին հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանէն հրթիռարձակումը կամ Իսրայէլ թափանցելու փորձերը, երէկ նաեւ առաւօտեան եւ յատկապէս կէսօրին արձանագրուեցան նման փորձեր:...

Պու Հապիպ 23 Հոկտեմբերին  Կ՛այցելէ Սուրիա

Պու Հապիպ 23 Հոկտեմբերին Կ՛այցելէ Սուրիա

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական Լիկայի արտակարգ նիստին շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ, որ Պու Հապիպ Սուրիա այցելէ երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2023-ին, քննարկելու համար շարք մը միացեալ հարցեր, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:  

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Զգուշանալ Սուրիացի Գաղթականներու Նոր Ալիքէն Եւ Կանխարգիլել Լիբանանի Վրայ Կազայի Պատերազմին Ունենալիք Հետեւանքները»

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հիմնական երկու հարցեր` Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու Կազայի պատերազմին վտանգները: Համախմբումին նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Կազայէն սկսած պատերազմը ինքզինք կը պարտադրէ մեր վրայ եւ կը մղէ լիբանանցիները մտածելու, թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմել` պաշտպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը եւ խուսափելու իր վրայ...

Page 241 of 987 1 … 240 241 242 … 987

Արխիւներ