Լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական ուժեր դատապարտեցին Հոմսի Սպայից վարժարանին վրայ գործուած յարձակումը, որուն պատճառով աւելի քան 100 զոհեր արձանագրուեցան:
Անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին զոհերու ընտանիքներուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուած սուրիացի սպաներուն եւ քաղաքայիններուն համար:
Պըրրի դատապարտեց նաեւ Սպայից վարժարանին վրայ գործուած ահաբեկչական վայրագ յարձակումը:
«Սուրիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին զօրակցութիւն կը յայտնենք եւ կը հաստատենք, որ նեցուկ կը կանգնինք Սուրիոյ, անոր ղեկավարութեան, բանակին ու ժողովուրդին», շեշտեց Պըրրի:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ ցաւակցութիւն յայտնեց սուրիական ուժերու գերագոյն հրամանատար, նախագահ Պաշշար Ասատին` հաստատելով, որ Հոմսի մէջ գործուած անարգ ոճիրը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ տարիներէ ի վեր գործուող ահաբեկչական ծրագիրին մաս կը կազմէ: Ան հաստատեց, որ այդ ծրագիրին գլուխը ամերիկեան է, իսկ պոչը` իսրայէլեան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ալի Հասան Խալիլ խստիւ դատապարտեց Հոմսի մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ զինուորականին ու քաղաքայինին, ինչպէս նաեւ երեխային ու իգական սեռին միջեւ տարբերութիւն չէր դրած: Խալիլ ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան, ժողովուրդին ու բանակին:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ դատապարտեց Հոմսի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն պատճառով նահատակուեցան Հոմսի Սպայից վարժարանէն շրջանաւարտ աւելի քան 100 սպաներ: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը տակաւին ներկայ է` շրջանային եւ միջազգային ուժերու զօրակցութեամբ:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ Հըզպալլա ցաւակցութիւն կը յայտնէ նախագահ Ասատին` Հոմսի Սպայից վարժարանը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութեան պատճառած զոհերուն համար: «Հըզպալլա Սուրիոյ նեցուկ կը կանգնի` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը` դատապարտելով Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը խախտելու իմաստով ի գործ դրուած համաշխարհային արարքները:
Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հոմսի Սպայից վարժարանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելը կ՛աւելնայ ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրներուն գործած բոլոր սպանդներու ցանկին վրայ: «Մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրներուն նկատմամբ միջազգային լռութիւնը կը շարունակուի` առ ի ծառայութիւն ամերիկեան-սիոնական կամքին: Իրականութիւն մը, որ միջազգային հաստատութիւնները մեղսակից կը դարձնէ այդ ահաբեկչութեան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: