ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 45.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 45.000 լ. ոսկիով, մազութը` 24.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 6000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.715.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.753.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.740.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 974.000 լ. ոսկի:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ իրենք կը մնան Սուրիոյ եւ անոր նախագահ Պաշշար Ասատի զօրակից` մինչեւ յաղթանակ: Պեզզի հաստատեց, որ իրենց ընտրանքը Դիմադրութիւնն է:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Ազգային հաւասարակշռութեան հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի պատմութեան կը հսկեն հզօր յարաբերութիւններ` աւելցնելով, որ այս դիտանկիւնէն մեկնելով երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական գործակցութեան մը շուրջ միասնականութիւն կայ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Փարիզի մէջ ներկայ գտնուեցաւ դասախօսութեան մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ներկայիս փակուած է:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


