Միքաթիի Որոշումով Կառավարութեան Նիստը Առկախուեցաւ
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին յայտնեց, որ ինք նախարարները տեղեակ պահած է կառավարութեան նիստը առկախելու մասին: Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին տեղի ունենալիք նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին պիտի քննարկուէր Լիբանանի դրամատուներուն եւ անոնց կարգաւորման օրինագիծը, ինչպէս նաեւ պիտի ճշդուէին պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ թոշակառու զինուորականներուն յաւելումները: Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը անակնկալի եկած է փողոցը տիրող բացասական մթնոլորտէն,...



















