ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը պատասխանելով ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի ներկայացուցիչի այն սպառնալիքներուն, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Իսրայէլ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը բռնի ուժով պիտի գործադրէ, հաստատեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը խախտողը Իսրայէլն է, եւ 2006-էն ի վեր Լիբանանի դէմ անոր գործած ցամաքային, օդային եւ ծովային ոտնձգութիւնները աւելի քան 30 հազարի կը հասնին:
Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ Իսրայէլի գործած բռնարարքներն ու բուռն ռմբակոծումները արդէն իսկ տասնեակ քաղաքայիններ սպաննած են, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներու տեղահանութեան պատճառ դարձած: Ներկայացուցչութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան բանակը ամէնօրեայ դրութեամբ ռմբակոծում կը կատարէ հրետանիով, օդուժով, անօդաչու թռչող սարքերով, միջազգային գետնի վրայ արգիլուած ֆոսֆորային հրթիռներով, որոնց պատճառով Լիբանանի մէջ հարիւր հազար ձիթենի հրկիզուած է:
Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը շեշտեց, որ Լիբանան միշտ հաստատած է ու վերահաստատած, որ կը մերժէ պատերազմը` այսօր եւ ապագային: «Լիբանան յանձնառութիւն յայտնած է բանակցելու եւ խաղաղ լուծումներու յանգելու` պահպանելով իր իրաւունքները` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութեան ծիրին մէջ: Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ 23 դեկտեմբեր 2023-ին Ապահովութեան խորհուրդին դիմաց արտասանած իր խօսքին ընդմէջէն ներկայացուց Միջին Արեւելքի կացութեան մասին ընդհանուր եւ ամբողջական պատկերացում, որուն մաս կազմեց նաեւ հարաւային Լիբանանը», նշեց ներկայացուցչութիւնը:
Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը հաստատեց, որ մինչ Լիբանան նման կեցուածքներ կ՛արտայայտէ, իսրայէլացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ Լիբանանը քանդելու եւ լիբանանցիները սպաննելու սպառնալիքները կը շարունակուին, «այդ սպառնալիքներուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնան նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի ներկայացուցիչին արտայայտութիւնները, որոնք ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի դէմ պատերազմը ընդարձակելու առումով իսրայէլեան թաքուն նպատակներ գոյութիւն ունին: Այլ խօսքով` Իսրայէլ պատրուակ մը կ՛որոնէ մեր երկրին վրայ յարձակում սանձազերծելու», հաստատեց Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը:
Այս իրականութեան լոյսին տակ, Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը ՄԱԿ-էն, մասնաւորաբար` Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց պարտադրել Իսրայէլին, որ ան վերջ տայ Լիբանանի դէմ իր ռմբակոծումներուն, բռնարարքներուն եւ ոտնձգութիւններուն, թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով բանակցութիւններու սկսի, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն հեռանայ` քաղաքական լուծման մը ընդմէջէն, կարենալ պահպանելու շրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:


