Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի դրամատուներուն եւ անոնց աշխատանքի կարգաւորման օրինագիծը:
Հանգստեան կոչուած զինուորականներու համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց պետական բոլոր հաստատութիւններու պաշտօնէութեան ամբողջական գործադուլ յայտարարելու եւ պահանջելու կառավարութենէն յարգել իրենց` պաշտօնեաներ թէ զինուորականներ, իրաւացի պահանջները:
Միւս կողմէ, նկատի ունենալով 7 նախարարութիւններու պաշտօնէութեան կողմէ յայտարարուած բաց գործադուլը` իբրեւ բողոք պետական մարզի պաշտօնեաներուն միջեւ արձանագրուած խտրութեան դէմ, Միքաթի ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` պահանջելով դադրեցնել անոր նախարարութեան պաշտօնէութեան տրուած յաւելումները` նկատի ունենալով, որ այլ նախարարութիւններու պաշտօնեաներ նման յաւելումներ չեն ստանար:
Միքաթի ընդգծեց, որ աշխատավարձի այդ յաւելումներու դրութիւնը պէտք է դադրի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին օրակարգէ դուրս պիտի քննարկէ այդ թղթածրարը:
Իբրեւ պատասխան Միքաթիի թելադրանքին, ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնեաները բաց գործադուլ յայտարարեցին` այս անգամ բողոքելով իրենց տրուելիք յաւելումները կասեցնելու որոշումին դէմ:
Նշենք, որ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետի պաշտօնակատարին այցելեց նաեւ Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ եւ ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆաթթուհ:


