Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսականներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ռիչըրտ Պլումենթըլ եւ Քրիսթոֆըր Քոնզ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող լարուած իրավիճակն ու Կազայի պատերազմը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դարձեալ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ զօրակցութիւնն ու օժանդակութիււնը շարունակելու` անոր կարողութիւնները բարելաւելու համար, որպէսզի ան կարենայ իր պարտականութիւնները լիովին կատարել:
Պու Հապիպի Մօտ
Քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման միջոցները:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը շարունակելը Լիբանանի, հիւրընկալ երկիրներուն եւ աշխարհի շահերուն կը ծառայէ:
Հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան Իսրայէլէն կը պահանջէ խաղաղութեան ընծայել առիթ մը` պատերազմի քաղաքականութիւնը շարունակելու փոխարէն:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ պատերազմը պէտք է կասեցուի` նկատել տալով, որ անոր մշակոյթը մէկ սերունդէն միւսին կը փոխանցուի, ատելութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ միայն աղէտ կը ծնի:


