Տարբեր նախարարութիւններու պաշտօնեաները երէկ բաց գործադուլ յայտարարեցին` պահանջելով իրենց իրաւունքները նկատի ունենալ եւ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձը սրբագրել:
Տեղեկատուութեան նախարարութեան պաշտօնեաները, հանդիպելէ ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհայի հետ, հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք սկսած են բաց գործադուլի մը:
Անոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան սրբագրելու պետական մարզի պաշտօնեաներուն դէմ գործուած սխալը:
Անոնք խստիւ բողոքեցին այն իրականութեան դէմ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն միջեւ խտրութիւն կայ` նկատի ունենալով, որ ելեւմուտքի նախարարութեան, հանրապետութեան նախագահութեան, նախարարաց խորհուրդի եւ պետական քննչական խորհուրդներու պաշտօնէութիւնը յաւելեալ յատկացումներ կը ստանան, մինչդեռ մնացեալը ոչինչ կը ստանայ:
Տեղեկատուութեան նախարարութեան պաշտօնեաները հաստատեցին, որ իրենք շաբաթը 7 օր տիւ ու գիշեր կ՛աշխատին լուրերը հասցնելու համար հանրութեան, յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանագիծի լուրերը հաղորդելու եւ պարտականութիւնները լիովին կատարելու իմաստով:
Անոնք հաստատեցին, որ հաղորդագրութեան հրապարակումէն ետք նախարարութեան բոլոր աշխատանքները պիտի դադրին, ներառեալ Ազգային լրատու գործակալութեան աշխատանքը. վերջինս ամբողջ Լիբանանի տարածքին վրայ պատահող լուրերը կը հաղորդէ օրական դրութեամբ:
Աշխատանքի նախարարութեան պաշտօնէութիւնը, իր կարգին, որոշեց կասեցնել իր աշխատանքները` մերժելով իրենց պահանջներուն ընդառաջելու իմաստով արձանագրուած ձգձգումի քաղաքականութիւնը: Աշխատանքի նախարարութեան պաշտօնէութիւնը դատապարտեց պետական կառոյցներուն մէջ պաշտօնեաներուն միջեւ արձանագրուած խտրութիւնը` հաստատելով, որ այդ ընթացքը հարուած պիտի հասցնէ պետական մարզին:
Անոնք աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամէն պահանջեցին պոյքոթի ենթարկել կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը, մինչեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն իրաւացի պահանջներուն վաւերացումը:
Բաց գործադուլ յայտարարեցին նաեւ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնեաները: