Մինչ օտար պետութիւններ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը փորձեն իրենց դիւանագիտական աշխատանքը աշխուժացնել` կասեցնելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած բախումներուն ընդարձակումը, փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին` հետզհետէ դառնալով աւելի մտահոգիչ:
Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախանցեալ գիշեր հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել փափաքող բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք դատապարտելու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները, յատկապէս` Սայտայի Ղազիէ շրջանի ռմբակոծումը:
Միջազգային հասարակութենէն կը պահանջենք ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` վերջ տալու համար իր այն սադրանքներուն, որոնք կը միտին պատերազմը ընդարձակել եւ Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշել»:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:
Մեկնումի պահուն Մակրօ հաստատեց, որ այս իմաստով Ֆրանսայի կեցուածքը յստակ է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մեղմացնելու համար լարուածութեան համեմատութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսա ուղղակիօրէն կը խորհրդակցի՞ Հըզպալլայի հետ, Մակրօ ըսաւ. «Մենք բոլորին հետ խօսակից կ՛ըլլանք եւ կը մաղթենք զարգացում մը արձանագրել` հարաւային սահմանագիծին լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով»:
Միւս կողմէ, Փարիզ կը պատրաստուի հիւրընկալելու լիբանանեան բանակին օժանդակութեան խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 27 փետրուար 2024-ին: Նոյն նպատակով այլ խորհրդաժողով մը պիտի կայանայ նաեւ Հռոմի մէջ, մարտ ամսուան սկիզբը:
Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետզհետէ աւելի բուռն դառնալուն առումով արձանագրուած միջազգային կեցուածքներուն պարագային ակներեւ էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի շրջանային հարցերու բանբեր Սամուէլ Ուիրպըրկ հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը մերժէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ ճնշում կը բանեցնէ` յարգելու սահմանային Կապոյտ գիծն ու տեղահանուածներու տունդարձին ապահովումը` թէ՛ հարաւային Լիբանանի եւ թէ՛ հիւսիսային Իսրայէլի պարագային:
Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը պատերազմի բոլոր հաւանականութիւնները ի մտի ունի եւ պատրաստ է վատագոյն զարգացումներուն:
Ֆատլալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախ կրնայ դարձնել Իսրայէլի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անկիւն:
Իսրայէլեան բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Նաքուրա, Պլիտա, Մէյսել Ժապալ, Հուլա, Ուազզանի, Ատայսէ, Տհայրա եւ Այթա Շաապ շրջանները:
Իսրայէլեան օդուժը «Էմ. Քա» տիպի լրտեսական օդանաւերով թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, Ռաշայա Ուատիի, արեւելեան Պեքաայի, արեւմտեան Պեքաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Արամթայի, Ռիհանի, Ղաժարի, Մաժիտիէի, Արքուպի եւ Մարիի վերեւ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ` անոր մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:
Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ, Սըմմեքա ու Ռուեյսեթ Ալամ դիրքերը եւ ուղղակի հարուած հասցուցին անոնց: